OHANIAN P. VAHAN / ՕՀԱՆԵԱՆ Հ. ՎԱՀԱՆ ՎՐԴ
(ita)
Pietro Novelli e San Lazzaro; l'uomo e l'artista
ԳԵ­ՂԱՆ­ԿԱ­ՐԻՉ ՓԻԵԹ­ՐՈ ՆՈ­ՎԷԼ­ԼԻ Ս. ՂԱ­ԶԱՐԻ ՍԵ­ՂԱ­ՆԱ­ՏԱՆ «ՎԵՐ­ՋԻՆ ԸՆԹ­ՐԻՔ­» ԿՏԱՒԻ ՀԵՂԻՆԱԿԻ ՆԱՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ


Bazmavep 2022 / 1-2, pp. 69-110

   ­Ներ­կայ աշ­խա­տու­թեամբ ու­սում­նա­սէր­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք իտա­լա­ցի հռ­չա­կա­ւոր գե­ղան­կա­րիչ Փիեթ­րո Նո­վէլ­լիի (1729-1804) թղ­թակ­ցու­թիւ­նը որ կը պա­հուի Ս. Ղա­զա­րի Մխի­թա­րեան Դի­ւա­նա­տան մէջ։

­   Ա­րուես­տա­գէ­տի նա­մակ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն է, որ կը պատ­մէ Ս. Ղա­զար մայ­րա­վան­քի սե­ղա­նա­տան հա­մար պա­տուէր ստա­ցած «Յի­սու­սի Վեր­ջին Ընթ­րի­քը» գե­ղան­կա­րի հետ կա­պուած մի­ջա­դէ­պե­րու մասին։ Մեծ է հե­տաքրք­րու­թիւ­նը՝ որով­հե­տեւ վար­պե­տը յանձ­նա­րա­րա­կա­նը ստա­նա­լէ ետք կը ստի­պուի Հռոմ մեկ­նիլ եւ այդ­տեղ իրա­կա­նաց­նել պա­տուէ­րը։ Պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ճոխ են, որոնց­մէ կ՚ար­ժէ յի­շել այն փաս­տը, որ աւար­տուն գոր­ծը Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան Դես­պա­նի պա­լա­տին մէջ կը կատարուի եւ կը ցու­ցադ­րուի, (Փա­լաց­ցո Պար­պո, Փիաց­ցա Վե­նե­ցիայի վրայ), եւ կ՚ար­ժա­նա­նայ մե­ծա­մեծ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Քա­հա­նա­յա­պե­տի գնա­հա­տան­քին։