JAMOURLIAN P. SEROP – MENEGHINI ELEONORA / ՉԱՄՈՒՐԼԵԱՆ Հ. ՍԵՐՈԲ – ՄԷՆԵԿԻՆԻ ԷԼԷՈՆՈՐԱ
(ita - arm) 
Il piccolo pittore: la poesia di P. Garabed Der-Sahaghian dedicato a Noè Bordignon – testo in armeno e traduzione in italiano
«ՓՈՔՐԻԿ ՆԿԱՐԻՉԸ» Հ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՏԷՐ-ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹՒԻՆԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆՈՅԷ ՊՈՐՏԻՆԻՈՆԻ 

Bazmavep 2022 / 1-2, pp. 45-66

Նո­յէ Պոր­տի­նիո­նի վեց զա­ւակ­նե­րէն երկ­րոր­դ, որ Լած­ծա­րոյ կը կո­չուէր, փա­ղաք­շան­քով՝ Լած­ծա­րի­նոյ, հա­մա­ռօտ՝ Ռի­նոյ, փա­փաք յայտ­նած էր հօր հետ­քե­րով քա­­լե­լու։ Ն­կար­չա­կան ձիր­քե­րով օժ­տո­ւած, տա­ղան­դա­ւոր պա­տա­նին իւ­րաց­նե­լով հօր գի­տե­լիք­նե­րը՝ ար­դէն իսկ տաս­ներ­կու տա­րե­կա­նին ազ­նո­ւա­զարմ Մա­րիա Ան­նա Վէ­նիեռ օ­րիոր­դի իւ­ղա­ներկ դի­ման­կա­րը կը կա­տա­րէ։ Իր­մէ ե­րեք աշ­խա­տու­թիւն հա­սած են մե­զի, որ կը վկա­յեն պա­տա­նիի խոս­տում­նա­լից ա­պա­գան։

Սակայն ժան­տա­տեն­դը դա­ժա­նա­բար կը խլէ դե­ռափ­թիթ տաս­նը­եօ­թա­մեայ տա­ղան­դա­շատ Ռի­նո­յի կեան­քը, մե­ծա­պէս ընկ­ճե­լով իր սի­րե­լի­նե­րը։ Զինք մեծ շու­քով կը թա­ղեն Ս. Զե­նո­նի բլրա­կին վրայ խո­յա­ցող աշ­տա­րա­կի հո­վա­նիին տակ։

Հան­րա­ճա­նաչ նկա­րիչ Նո­յէ Պոր­տի­նիո­նի տաս­նու­թա­մեայ վա­ղա­մե­ռիկ որ­դիի մա­հո­ւան ցա­ւա­լի դէպ­քին ա­ռի­թով հիւ­սած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ Բազ­մա­վէ­պի խմբագ­րա­պետ Հ. Կա­րա­պետ Տէր-­Սա­հա­կեան, կը ձօ­նէ սգա­կիր հօր եւ պար­բե­րա­թեր­թի է­ջե­րուն մէջ կը տե­ղադ­րէ եր­կու ան­գա­մով. 1906 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան պրա­կին մէջ եւ 1907ի չոր­րորդ պրա­կին մէջ։

«­Փոք­րիկ նկա­րի­չը» եր­կու մա­սէ կազ­մո­ւած 356 տո­ղա­նի եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մըն է։ Ան­հա­ւա­սար քա­նա­կու­թեամբ տո­ղե­րէ բաղ­կա­ցած այս ո­տա­նա­ւո­րը եր­կու չա­փի տո­ղե­րէ կազ­մո­ւած է. ո­մանք եր­կու քա­ռա­վանկ եւ մէկ ե­ռա­վանկ (4-4-3) ե­րեք ան­դամ­նե­րով, իսկ ո­մանք մէկ քա­ռա­վանկ եւ մէկ ե­ռա­վանկ (4-3) չա­փով եր­կու ան­դամ­նե­րով։

Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այս բա­նաս­տեղ­ծու­թեան բնա­գի­րը եւ ի­տա­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, որ Հ. Սե­րոբ Չա­մուր­լեան եւ Է­լէո­նո­րա Մէ­նե­կի­նի կա­տա­րե­ցին: Սրբագրութեան համար Յատուկ շնորհա­կա­լու­թիւն Լուչիանա Տի Մարքոյին եւ Ալպերտո Փերաթոներին: