MENEGHINI ELEONORA / ՄԷՆԵԿԻՆԻ ԷԼԷՈՆՈՐԱ 
(ita)
"San Gregorio che battezza il Re armeno": due pale di Noè Bordignon a confronto 
«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԿԸ ՄԿՐՏԷ ՏՐԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐԸ­» ՆՈՅԷ ՊՈՐ­ՏԻ­ՆԻՈՆԻ ԵՐ­ԿՈՒ ՊԱՍ­ՏԱՌ­Ի ՀԱ­ՄԵ­ՄԱ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ


Bazmavep 2022 / 1-2, pp. 37-44

­Նոյէ Պոր­տի­նիոն ԺԹ. դա­րու հռ­չա­կա­ւոր իտա­լա­ցի գե­ղան­կա­րի­չը Մխի­­թա­րեան հայ­րե­րու պա­տուէ­րով Ս. Ղա­զար մայ­րա­վան­քի ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի նուի­րուած խո­րա­նին հա­մար 191­0ին նկա­րած է Տր­դատ թա­գա­ւո­րի եւ հայ ար­քու­նի­քի մկր­տու­թեան տե­սա­րա­նը։  1911ի Յու­լի­սի 10ին, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի տօ­նին օրը միեւ­նոյն տե­­սա­րա­նով նկար մը կը զար­դա­րէ Մխի­թա­րեան միաբա­նու­թեան գիւ­ղագ­նա­ցու­թեան կա­լուա­ծի եկե­ղե­ցիի Ս. Գրի­գո­րի նուի­րուած խո­րա­նը։ Մին­չեւ Նոյէ Պոր­տի­նիոնի մա­հուան հա­րիւ­րա­մեակը այս պատ­կե­րը ան­յայտ մնա­ցած էր։

Համեմատելով երկու պաստառները ակնյայտ կ՚երեւի ոճի եւ պատկերացումի տարբերութիւն: Ս. Ղազարի պաստառը պատկերուած է ԺԹ. Դարու զգեստներով, դերակատարներով եւ տեսարաններով, մինչդեռ Ս. Զենոնի մատրան պաստառը նկարուած է Ե. դարու հայ պատմիչներու հաղորդած տեղեկութիւններու հիման վրայ, թէ՛ տարազներու եւ թէ՛ դիմագիծներու եւ թէ՛ տեղանքի պատկերացումով: Շատ հաւանաբար գեղանկարիչին ուղղութիւն ցոյց տուած է Հ. Վարդան Հացունի, իր պատմական հարուստ գիտելիքներով: Ուշագրաւ է դերակատարներու թի­կունքին կանգնած Աւագ Մասիսը, որու վրայ Նոյեան տապանն է, կարծէք նկարիչին ստորագրութիւնն ըլլայ: Երկու նկարներու մէջ դպիրը կը յիշեցնէ Պորտինիոնի վաղամեռիկ զաւակը՝ Ռինոն, իսկ թագուհին՝ իր դուստրը՝ Մարիան: