PERATONER ALBERTO / ՓԵՐԱԹՈՆԵՐ ԱԼՊԵՐՏՈ
(ita)
Una “fucina di colori”. Noè Bordignon e i Padri Armeni 
«ԵՐԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԱՐԲՆՈՑ...» ՆՈՅԷ ՊՈՐՏԻՆԻՈՆ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ

Bazmavep 2022 / 1-2, pp. 20-36

Նո­յէ Պոր­տի­նիո­նի եւ Մ­խի­թա­րեան հայ­րե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը սկսին շատ հա­ւա­նա­բար Վե­նե­տի­կէն, ուր ա­րո­ւես­տա­գէ­տը ապ­րած եւ ստեղ­ծա­գոր­ծած է եր­կար տա­րի­ներ, քա­նի որ նկա­րած է թէ՛ այդ տա­րի­նե­րու նշա­նա­ւոր վար­դա­պետ­նե­րու դի­ման­կար­նե­րը, ինչ­պէս Ա­լի­շա­նի, Զարբ­հա­նա­լեա­նի, Ի­սա­վեր­տեն­ցի, եւ թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ գա­ւի­թի տամ­կան­կար­նե­րը եւ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի խո­րա­նի պատ­կե­րը: 

Գե­ղան­կա­րի­չի մա­հո­ւան հա­րիւ­րա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու շէ­մին, նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րո­ւե­ցաւ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ որ­պէս Պոր­տի­նիո­նի վրձի­նին պատ­կա­նող նկար՝ Մ­խի­թա­րեան ա­մա­րա­նո­ցի մատ­րան Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի խո­րա­նի պատ­կե­րը: 

Այս ա­ռի­թով հան­րու­թեան գնա­հա­տան­քին ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յա­ցաւ նաեւ Պոր­տի­նիո­նի կա­տա­րած օ­րի­նա­կու­թիւ­նը Այ­վա­զովս­կիի «Ա­րա­րում» պատ­կե­րին, որ մաս կը կազ­մէ ան­հա­տա­կան հա­ւա­քա­ծո­յի: 

Նո­յէ Պոր­տի­նիոն Մ­խի­թա­րեան հայ­րե­րու պա­տո­ւէ­րով նկա­րած է նաեւ տար­բեր սրբան­կար­ներ՝ Մ­խի­թա­րեան ա­ռա­քե­լա­վայ­րե­րու եւ վար­ժա­րան­նե­րու մա­տուռ­նե­րը զար­դա­րե­լու հա­մար: Հ. Քե­րո­բէ Չ­րա­քեան կը յի­շէ Խո­տոր­ջու­րի, Կար­միր­քի հա­մար նկա­րո­ւած Ս. Ըն­տա­նի­քի, Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի եւ Ս. Յով­հան­նէս Մկր­տի­չի պաս­տար­նե­րը եւ ու­րիշ­ներ ո­րոնց հետ­քը կոր­սո­ւած է: