ԴԻՒԱՆԱՅԻՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ / FONTI ARCHIVISTICHE

OHANIAN P. VAHAN / ՕՀԱՆԵԱՆ Հ. ՎԱՀԱՆ ՎՐԴ.
(ita)
Lettere indirizzate a p. Leone Alishan. Parte II: Lettere in italiano 
Հայր Ղեւոնդ Վրդ. Ալիշանին ուղղուած իտալերէն նամակներ


Bazmavep 2021 / 1-2, pp. 27-59

Հ. Ղեւոնդ Վրդ. Ալիշանին իտալերէն լեզուով գրուած նամակները մեծաւ մասամբ իր գրած նամակներու պատասխաններն են: Անոնք կ՚անդրադառնան այլազան նիւթերու. Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի նախկին տէրերու հետ գնման բանակցութիւններու եւ պայմանագրութիւններու ստորագրութեան, Ս. Ղազարի տպարանի մէջ օտարալեզու գրաշարի համար աշխատատեղի ճարելու առաջարկ, հարցումներ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի հայերէն հրատարակութիւններու եւ ձեռագիրներու մասին, Յովհաննէս Ոսկեբերանի Եսայիի Մեկնութեան հայերէն թարգմանութեան, Վանի սեպագիր արձանագրութիւններու, Ճենովայի դիւաններու մէջ պահպանուող հայկական փաստաթուղթերու, Իտալիոյ գրադարաններու մէջ գտնուող հայատառ գիրքերու, Աստուածաշունչներու, Միլանոյի մէջ Բարսեղեան կրօնաւոր եղբայրներու ներկայութեան, Փերուճիայի մէջ մինչեւ ԺԳ. դար հայ վանքի գոյութեան, Ֆիրենցէի պետական դիւանի մէջ նօտարական գործերու, դաշնագիրներու, ժամանակին հայ վանականներու կողմէ բնակուած Սուրբ Հոգի վանքի, տեղեկութիւններ թուղթի գիւտի մասին, Փատովայի թանգարանի մէջ պահուող ԺԳ. դարուն Վենետիկի մէջ բնակող հայերու մասին, ԺԴ. դարուն Պոլոնիա քաղաքի Լիրա դրամի արժէքի մասին եւն.:

Իտալերէն նամակները գրուած են յատկապէս նոյն օրերու հրապարակի վրայ գտնուող կարկառուն դէմքերէ, որոնք իրենց նեղ մասնագիտութեամբ գրաւած են կարեւոր պաշտօններ: Ուշագրաւ անձնաւորութիւններէն կարելի է առանձնացնել հետեւեալները, լեզուագէտ՝ Graziadio Isaia Ascoli-ն, Միլանոյի Ամպրոզիանա Մատենադարանի տնօրէն՝ Sacerdote Antonio Ceriani-ն, Վանի սեպագիր արձանագրութիւններու հեղինակ L. de Robert-ը, պատմագէտ, դրամագէտ, Ճենովայի դիւանի տնօրէն՝ Cornelio Desimoni-ն, Ծիրանաւոր Serafino Cretoni-ն, արխիւագէտ, Լոմպարտիայի պատմական դիւանի հիմնադիր՝ Cesare Cantù-ն, Փերուճիայի քաղաքապետարանային գրադարանի գրադարանավար՝ Adamo Rossi-ն, պատմաբան, արխիւագէտ, հնագրագէտ՝ Mons. Aurelio Zonghi-ն, Փիզայի նօտարական արխիւի դիւանապահ՝ Avv. Giacomo Marcacci-ն, Փիզայի արխիւի տնօրէն՝ Clemente Lupi-ն, Certosa-ի մեծաւոր եւ դիւանի պատասխանատու՝ Don Francesco Maria Ciano-ն, Փերուճիայի քաղաքապետարանային գրադարանի գրադարանավար՝ Vincenzo Ansidei-ը, Պոլոնիայի Collegio S. Luigi-ի տեսուչ՝ P. Benedetto M. Denza-ն, Պոլոնիայի պետական դիւանի տնօրէն՝ Carlo Malagola-ն: