BJELICA PETRA / ՊԻԷԼԻՑԱ ՓԵԹՐԱ
(eng)
The influence of Hamlet on Dostoevsky’s character Stavrogin from demons
Համլէթի Ազդեցութիւնը Տոսթոյեւսկիի Դեւեր վէպի Ստաւրոկին տիպարին վրայ
Bazmavep
2019 / 3-4,
pp.
79-87
Այս յօդուածին հեղինակը կ՚անդրադառնայ Շէյքսփիրի՝ Համլէթ, եւ Տոսթոյեւսկիի՝ Ստաւրոկին, տիպարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող զուգահեռներուն, նկատի առնելով իրենց յարակարծական ենթակայութիւնը։ Տոսթոյեւսկի ինք եւս կիրարկեց Համլէթի իր ընկալումը Դեւերու կերպարին ստեղծման համար։
Պիէլիցայի մօտեցումը Համլէթի եւ Ստաւրոկինի կերպարին՝ կ՚արձանագրուի եւրոպական փիլիսոփայութեան աւանդութեան մէջ։ Յատկապէս կը քննարկէ սեփական անձի եւ աշխարհի իմաստին որոնումը երկու կերպարներուն կողմէ։ Տիպարները կը յայտնաբերեն նոյն խընդրին էութիւնը՝ այսինքն, միացեալ, անբաժան «ես»ը պատրանք եւ առասպել է։
Այսպէս դիտուած, արդի ենթակայութիւնը յարակարծական է, հիմնովին բեկորացած եւ ինքն իրմէ խորթացած։ Թէեւ այս հերոսները կը պատկանին տարբեր գրական ժանրերու, պատմական շրջաններու, եւ մշակոյթներու, այսուհանդերձ այս նմանութեան եզրը իմաստասիրական շարունակականութիւն մը կը ստեղծէ։