BJELICA PETRA / ՊԻԷԼԻ­ՑԱ ­ՓԵԹ­ՐԱ
(eng)
The influence of Hamlet on Dostoevsky’s character Stavrogin from demons
 Համ­լէ­թի Ազ­դե­ցու­թիւ­նը Տոսթոյեւս­կիի Դե­ւեր վէ­պի Ստաւ­րո­կին տի­պա­րին վրայ 

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 79-87

 ­Այս յօ­դուա­ծին հե­ղի­նա­կը կ՚անդ­րա­դառ­նայ Շէյքսփի­րի՝ Համ­լէթ, եւ Տոս­թոյեւս­կիի՝ Ստաւ­րո­կին, տի­պար­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող զու­գա­հեռ­նե­րուն, նկա­տի առ­նե­լով իրենց յա­րա­կար­ծա­կան են­թա­կա­յու­թիւ­նը։ Տոս­թոյեւս­կի ինք եւս կի­րար­կեց Համ­լէ­թի իր ըն­կա­լու­մը Դե­ւե­րու կեր­պա­րին ստեղծ­ման հա­մար։

Պիէլի­ցայի մօ­տե­ցու­մը Համ­լէ­թի եւ Ստաւ­րո­կի­նի կեր­պա­րին՝ կ՚ար­ձա­նագ­րուի եւ­րո­պա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեան աւան­դու­թեան մէջ։ Յատ­կա­պէս կը քն­նար­կէ սե­փա­կան ան­ձի եւ աշ­խար­հի իմաս­տին որո­նու­մը եր­կու կեր­պար­նե­րուն կող­մէ։ Տի­պար­նե­րը կը յայտ­նա­բե­րեն նոյն խընդ­րին էու­թիւ­նը՝ այ­սինքն, միացեալ, ան­բա­ժան «ես­»ը պատ­րանք եւ ա­ռաս­պել է։

Այս­պէս դի­տուած, ար­դի են­թա­կա­յու­թիւ­նը յա­րա­կար­ծա­կան է, հիմ­­նո­վին բե­կո­րա­ցած եւ ինքն իր­մէ խոր­թա­ցած։ Թէեւ այս հե­րոս­նե­րը կը պատ­կա­նին տար­բեր գրա­կան ժան­րե­րու, պատ­մա­կան շր­ջան­նե­րու, եւ մշա­կոյթ­նե­րու, այ­սու­հան­դերձ այս նմա­նու­թեան եզ­րը իմաս­տա­սի­րա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ։