ԲԱԶՄԱՎԷՊ ՀԱՆԴԷՍԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
Բազմավէպ հայագիտական հանդէսը լոյս տեսած է 1843ին որպէս պաշտօնաթերթ Հայկական Ճեմարան Սրբոյն Ղազարու, պաշտօնական մարմին Մխիթարեան միաբանութեան գիտամշակութային առաքելութեան։
Առանց ընդհատումներու տպագրուած՝ Բազմավէպը ոչ միայն հայկական ճեմարանական առաջին հանդէսն է, այլ նաեւ Իտալիոյ մէջ անընդմէջ տպագրուող հանդէսներու ամենահինն է եւ հնագոյններէն մէկը աշխարհի տարածքին։
Ծնունդ առած որպէս կիսամսեայ նկարազարդ Օրագիր, որպէս տեղեկատուական միջոց մշակութային, գրական եւ գիտական նորանոր յայտնագործութիւններու՝ աշխարհագրական, հնախօսական եւ գիտարուեստի բնագաւառներուն մէջ, այժմ կը ներկայանայ որպէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու գիտական մակարդակի կիսամեակային հանդէս։
Բազմավէպի մէջ կրնան տեղ գտնել միմիայն չհրապարակուած յօդուածներ, որ նոր ուսումնասիրութիւններու արդիւնք են, որեւէ հայագիտական ծիրէ ներս։
Հայերէնէն բացի, կարելի է հրատարակել իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներով։
Բոլոր յօդուածները կ՚ենթարկուին արժեւորման եւ գնահատման փուլի, կրկնակի ծածուկ ստուգման համակարգով, Խմբագրութեան կողմէ ընտրուած մասնագէտներու կողմէ։
Խմբագրութիւնը իւրաքանչիւր յօդուածի հեղինակին կը թողու արտայայտուած գիտական կարծիքներու պատասխանատուութիւնը, գնահատելով հանդերձ իւրաքանչիւրին հետազօտական ներքին արժէքը:
Խմբագրական կանոնները, հայերէնի տառադարձութեան համակարգը ինչպէս նաեւ այլ տեղեկութիւններ կը գտնուին հետեւեալ պաշտօնական կայքի հասցէին.
https://mechitar.org/it/publications/1/pub_info