ՎԱՐՔ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ

 

Տեսիլք. 

Կիսաստուերի մէջ ծնրադիր, ուժասպառ հոգեկան ապրումներու եւ խռովքներու յարատեւ պայքարէն, տասնվեցամեայ Մխիթար սարկաւագը, Սեւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, երկարաշունչ աղօթքներու եւ արտասուսուալից պաղատանքներու հեղեղին տակ,  յոգնաբեկ՝ քունի կ՚անցնի Աստուածամօր պատկերին դիմաց: Եւ ահա՛ ամենօրհնեալ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը իրեն կը յայտնուի պայծառ տեսքով, փառաւոր ծաղկեայ հագուստով, առանց մանուկ Յիսուսին, իր հետ ունենալով կոյսեր որ Մխիթարի կը յուշէին թէ Ամենասուրբ Կոյս Աստուածածինն է: Տիրամայրը մխիթարելով զինք հարց կու տայ թէ ի՞նչ կը խնդրէր, պատանին կը պատասխանէ. «Ես չեմ գիտեր Տիրուհի, թէ ի՞նչն է ինծի պիտանի եւ օգտակար որ խնդրեմ. Այն կ՚ուզեմ ինչ դուն կ՚ուզես, եւ այն միայն կը խնդրեմ ինչ որ դուն գիտես որ ինծի օգտակար է եւ կ՚ուզես տալ»: Տիրամայրը կը պատասխանէ. «Բարի, պիտի կատարեմ խնդրանքդ»: Տեսիլքը կ՚անհետանայ, իսկ Մխիթար քունէն արթննալով՝ սիրտը խաղաղած, մխիթարուած եւ քաջալերուած, շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ:

Այս տեսիլքն է որ կը դրոշմէ մխիթարի ամբողջ կեանքը, աննկուն կամքը, անխոնջ աշխատանքը եւ հաստատուն հաւատքը: Աստուածամօր խօսքին զօրութեամբ՝ Մխիթար կը հիմնէ իր միաբանութիւնը որ առ այսօր կը գոյատեւէ մի միայն ամենասուրբ Կոյսի «Եղիցի»-ով:

Կեանքը 

Սեբաստիա քաղաքի Հողդար թաղամասին մէջ,    7 Փետրուար 1676-ին, կը ծնի Պետրոսի եւ Շահրիստանի զաւակը որ մկրտուելով կը կոչուի Մանուկ իր մեծ հօր անունով: Յետագային երբ սարկաւագ կը ձեռնադրուի կը ստանայ իր Պապու հօր անունը՝ Մխիթար:

Հինգ տարեկան հասակին, քահանային մօտ կարդալ եւ գրել կը սկսի սորվիլ, միաժամանակ մեծ հաճոյքով կը յաճախէր իրենց տան կից գտնուող եկեղեցին եւ աղօթքներուն կը մասնակցէր:

    Սիրով կը յաճախէր նաեւ դրացի երկու քոյրերու տունը որոնք Աստուծոյ նուիրած էին իրենց կեանքը: Այս կոյսերուն հոգեւոր կեանքի դաստիարակներն էին երկու ճգնաւոր եղբայրներ, որոնք կ՚այցելէին եւ իրենց յորդորներով ու կեանքի օրինակով զիրենք կը քաջալերէին առաքինութեան մէջ յառաջանալու համար: Քաղաքի քահանաներէն մէկն ալ ամէն օր կ՚այցելէր, Ս. Գիրք կարդալ կը սորվեցնէր: Մանուկ՝ այդ քահանայէն կը սորվի շարականներու երգեցողութիւնը, իսկ երկու եղբայրներէն՝ հոգեւոր կեանքի սկզբունքները: Արդարեւ, երկու կուսանները իրենց վարքով եւ խնամքով հոգեւոր դաստիարակի դերը կը տանին պատանի Մանուկին մինչեւ 15 տարեկան:

1691ին,  կը մտնէ Ս. Նշան վանք, եւ կրօնաւորական սքեմ կը ստանայ  ու յաջորդ Կիրակի օրը Սարկաւագ կը ձեռնադրուի ձեռամբ Ս. Նշանի վանահօր՝ Անանիա Եպիսկոպոսին եւ Մխիթար կը կոչուի:

Ուսման ծարաւէն մղուած՝ կը խնդրէ աշակերտիլ Սեբաստիա ժամանած Էջմիածնի նուիրակ՝ Միքայէլ Արքեպիսկոպոսին, որ գիտնական եւ ճգնասուն կրօնաւորի համբաւ կը վայելէր:  

  Մխիթար կը հասնի Էջմիածին, ապա կ՚այցելէ Խոր Վիրապ, հուսկ կը բարձրանայ Սեւանի վանքը: Այս փնտռտուքին մէջ 1693ի Ապրիլին՝ Ամէնօրհնեալ Աստուածածնի Տեսիլքը ունենալէն ետք, Երեւանէն անցնելով կը մեկնի Կարին, եւ կը հաստատուի Բասենի Ս. Աստուածածին վանքը ու շուրջ մէկ տարի ոսուցչութիւն եւ լուսարարութիւն յանձն կ՚առնէ տեղւոյն առաջնորդին Մելքիսէթ եպիսկոպոսին փափաքով: 

Մէկ տարի անց, հրաժեշտ կ՚առնէ վանահօրմէ վերադառնալու համար Սեբաստիա, յատկապէս հանդիպելու համար իր դաստիարակին՝ Մանասէ կուսանին, որուն քոյրը Մարիամ նոր վախճանած էր:

1694ի Յունիսին կը հասնի Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանք, յուրախութիւն իր ծնողներուն եւ մանաւանդ Մանասէ կոյսին: Նոյն տարուայ Հոկտեմբերին՝ երկու աչքերը կը մթաքնին եւ դարմանուելու համար կը յանձնուի ծնողքի խնամքին: Մասնագէտ բժիշկ չկար, իսկ տարբեր դեղեր ոչ մէկ օգուտ կու տան: Ժամանակի սխալ բուժումներու հետեւանքով՝ Դեկտեմբերին ամբողջապէս տեսողութիւնը կը կորսնցնէ, եւ ամբողջ ձմեռ սաստիկ ցաւերով կը տառապի, բայց երբեք չի դադրիր հոգեւոր հրահանգումներէ: Այս շրջանին է որ կը յօրինէ Աստուածամօր նուիրուած գովասանքի «Անճառին խորան»  երգը ինչպէս նաեւ  այբբենական երկար տաղը որոնց երկրորդ տուներու սկզբնագիրերով կը կազմուի «Մինչ կոյրն էի ուխտեցի, զի ի Կուսէդ լոյց տացի» (Մինչ կոյր էի ուխտեցի, որ Կոյսէդ ինծի լոյս տրուի):

Գարնան դեղագործի մը միջամտութեամբ, աչքերը արիւնէն կը մաքրուին եւ կը սկսի աղօտ կերպով նշմարել իր շուրջբոլորը: Եւ այսպէս, Մայիս ամսուն կ՚որոշէ վանք վերադառնալ: 

1695-ի Մարտ ամսուն, Մխիթար կը թողու Սեբաստիա եւ Յովնան Վարդապետի հետ կը մեկնի դէպի Բերիա (Հալէպ), ուր կը մնան երեք ամիս մտադիր՝ անկէ Հռոմ մեկնելու: Այնտեղ, կը հանդիպի Եւրոպայէն ժամանած տարբեր միաբանութիւններու քարոզիչներու եւ յատկապէս կը մտերմանայ Անտոնիոս անունով Յիսուսեան վարդապետի մը, որ Հնդկաստան ուղեւորուած էր, թէեւ Հ. Անտոնիոս անոր կը խրատէ Հռոմ չերթալ, բայց Մխիթարի անդրդուելի որոշումին դիմաց յանձնարարական նամակներ կու տայ:

Աղեքսանդրիայէն նաւը կը մեկնի դէպի Հռոմ,  Կիպրոսի ճամբով ուր Մխիթար հիւանդութեան պատճառով կը մնայ Հայոց Ս. Մակար վանքը: Հազիւ քիչ մը կազդուրուած, Դուզլայէն Սելեւկիա կը մեկնի նաւով, ապա գիւղէ գիւղ իջեւանելով, Անտիոքի ճամբով կը հասնի Բերիա, ուր բարեկամներու խնամքին կը յանձնուի: 

Շուտով Այնթապ կը մեկնի եւ միանալով Սեբաստիա գացող կառաւանին՝ 1695 թուականի Նոյեմբերին, 14 օրէն կը հասնի իր ծննդավայրը ուր լուր կը շրջէր թէ Մխիթար հիւանդ եւ անտէր՝ մահացած է Կիպրոսի մէջ: Անչափ էր ուրախութիւնը իր ծնողներուն. մայրենի խնամքով շուտով կը կազդուրուի բոլոր հիւանդութիւններէն եւ կ՚անցնի Ս. Նշան վանք:

  1696-ի գարնան, 20 տարեկանին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ մէկ տարի ետք կը մեկնի Կոստանդնուպոլիս եւ միաբանութիւն հիմնելու իր մտադրութիւնը կ՚ուզէ յայտնել հանրահռչակ Խաչատուր Վարդապետին: Անոր  կ՚առաջարկէ այդ ծրագրի առաջնորդութիւնը, որ յանձնառու չըլլալր եւ կը հրաժարի այդ խիզախ քայլէն: Մխիթար առանց վհատելու  երկու աշակերտներով Պոլսէն կը մեկնի Տրապիզոն, բայց նաւակոծութեան հանդիպելով կը ստիպուի իջնել Սինոպ, եւ ապա Սամսոն ուր ցամաքով կը հասնի Մարզուան եւ կը քարոզէ այնտեղ մինչեւ գարուն, երբ կը մեկնի Կարին Եւդոկիայի ճամբով: Կարմիր վանքի առաջնորդը՝ Մարգար Եպիսկոպոս, մեծ ուրախութեամբ կ՚ընդունի Մխթար եւ իր աշակերտը ու անոր կը յանձնէ վանքի պատանիներու դաստիարակութիւնը:

1699ին՝ 23 տարեկանին, մեծ հանդիսութեամբ կը ստանայ վարդապետական ծայրագոյն գաւազանը, իր իմաստուն եւ պայծառ մտքին, ինչպէս նաեւ բարեբարոյ եւ ընտիր վարքին համար: Մխիթար Կարմիր վանքի Վանահօր՝ Մարգար Եպիսկոպոսին կը յայտնէ իր ծրագիրը, եւ հասկնալով որ այդտեղ զայն պիտի չկրնայ իրագործել, կը մեկնի Կարին եւ ձմեռը անցնելէ յետոյ՝ Տրապիզոնի ճամբով  նաւով կ՚անցնի Կոստանդնուպոլիս 1700 թուականի Յուլիս ամսուն, ուր կը հաստատուի Բերայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օթեւանը: Այս եկեղեցւոյ մէջ Մխիթար Վարդապետ համարձակ կերպով կը քարոզէր երկար տարիներով ուսումնասիրած համոզումին համաձայն թէ Հայ եւ Հռոմէական Եկեղեցիները միեւնոյն հաւատքը կը դաւանին:

9 աշակերտներ իր շուրջ հաւաքած կը յայտնէ իր գաղափարականը, եւ 1700 թուականի Սեպտեմբեր 8-ին կը հիմնէ իր միաբանութիւնը:  Անմիջապէս կը ձեռնարկէ հոգեւոր գիրքեր տպագրել որպէսզի անոնց եկամուտով հնարաւորութիւն ունենայ յարմարաւէտ տուն մը վարձակալելու: Միայն 1701-ի Ապրիլին կը յաջողի պատշաճ եւ առանձնացած տուն մը վարձել, ուր կը հաւաքէ իր աշակերտները որպէս գրակազմութեան աշխատանոց: Օրուան մեծ մասը Մխիթար անոնց կը դասաւանդէր, որմէ ետք աշակերտները ընթերցումի կը նուիրուէին, իսկ եթէ օտար մը ժամանէր գրակազմութեամբ կը զբաղէին:

Պատրիարքական աթոռի պայքարի ընթացքին՝ Մխիթար երեք այլ վարդապետներու հետ միասին որպէս Մէլքիսէթ Պատրիարքի հաւատարիմներ՝ կ՚ամբաստանուին իբր խռովարարներ ու ապստամբներ իրենց կաթողիկէ դաւանանքին համար, եւ թիավարութեան կը դատապարտուին:

Հազիւ տեղեկացած, Մխիթար իր աշակերտները կը ղրկէ իրենց տուները եւ ինքը իր աշակերտներէն Հայր Մանուէլի հետ կ՚աճապարէ օթեւանիլ Յիսուսեան Հայրերու վանքը, որոնք խորհուրդ կու տան Գաղղիոյ դեսպանին հովանին խնդրել. Մխիթար կ՚աճապարէ մտնել դեսպանատուն ուր իրեն կը տրուի բնակութեան սենեակ մը յարակից վեղարաւորներու վանքին մէջ:

   Այդտեղ, Մխիթար կը հաւաքէ իր համախոհները եւ 1701-ի Սեպտեմբեր 8-ին, կը նուիրուին Աստուածամօր որդեգրութեան եւ կ՚որոշեն ապաստանիլ Մոռա Բեղոբոնտիա, այժմու Յունաստան: 

Տարբեր հանգրուաններով իր միաբանները եւ համախոհները կ՚ուղարկէ Բեղոբոնտիա, իսկ ինքը վաճառականի զգեստներով եւ երեք աշակերտի հետ կը հասնի Զմիւռնիա եւ Վենետիկ մեկնող նաւով կ՚ուղեւորուի Զանդա եւ երեք ամիս ետք, նաւով կը մեկնի Նէապոլիս ուր կը հասնի 1703-ի Փետրուարին եւ կը միանայ իր աշակերտներուն:

Անմիջապէս կը դիմէ երկրի իշխանին, ներկայացնելով Պոլսոյ Վենետկեան դեսպանի՝ Լ. Սորանցոյի յանձնարարական նամակը, քանի որ Բեղոբոննէսը Վենետիկեան Հանրապետութեան գերիշխանութեան տակ կը գտնուէր եւ իր վանքը կառուցելու համար տեղ կը խնդրէ: Իշխանը Մեթոն բերդաքաղաքին մէջ տեղ կը յատկացնէ եւ հողատարածք ալ կը շնորհէ որպէս ապրուստի միջոց:

Երեք տարուայ պայմանաժամի աւարտին, Մխիթար կը յաջողի լրացնել իր վանքի կառուցումը իսկ երկու տարի յետոյ նաեւ անոր կից՝ Ս. Անտոն անապատականի նուիրուած եկեղեցին:

Իրենց ժամանման առաջին իսկ պահէն, Մխիթար մանրակրկիտ բծախնդրութեամբ կը կազմակերպէ առօրեայ կեանքը կրօնաւորական, վանական, ուսումնառութեան եւ հոգեւոր կեանքի խորացման նուիրելով իւրաքանչիւր քայլափոխ, այնպէս որ նորակառոյց վանքը տեղափոխուելով, պարզապէս կը շարունակուի վանական կեանքը սեփական յարկէն ներս:

11 տարի Մեթոն բնակելէ ետք, գոյժ կը հասնի թէ մեծ պատերազմ մը կը սպասուէր: Մխիթար Աբբահայր իր միաբաններով կը ստիպուի լքել ամէն ինչ եւ միայն անհրաժեշտ քանի մը գիրք, ձեռագիր եւ հագուստ իր հետ առնելով՝ կը մեկնի Վենետիկ 11 հոգիով, իր ձեռակերտը յանձնելով Հ. Ղազարին՝ փոխ Աբբա տիտղոսով, 6 միաբաններով:

Միամսեայ ճանապարհորդութենէ ետք կը հասնին Վենետիկ եւ քառասուն օր արգելարանի մեկուսացումէն ետք, կը յաջողին քաղաք մտնել եւ բնակիլ Ս. Մարտինոս եկեղեցիւոյ կից վարձակալած տան մէջ, Մայիս 12-ին 1715-ին:

Շուտով Մխիթար կը ծանօթանայ հայ համայնքին եւ իր ու աշակերտներու բարի համբաւը կը տարածուի քաղաքով մէկ, որու շնորհիւ ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յանձնարարական նամակներու արդիւնքը կ՚ըլլայ Վենետիկի ծերակոյտի բարձրագոյն որոշումը հիւրընկալելու արեւելցի այս խմբակին Վենետիկ քաղաքի սահմաններէն ներս: Այսպէս հնարաւոր կը դառնայ Մխիթարի համար վարձակալել եւ մուտք գործել Ս. Ղազար կղզի 1717ի, 8 Սեպտեմբերին:

Շինարարական յարմարեցումներով իրենց բնակարանները ապահովելէ ետք, Մխիթար հիմնովին կը վերանորոգէ Ս. Ղազարի նուիրուած եկեղեցին:

Մխիթար Աբբահայր տարբեր հանգրուաններով, ըստ պահանջի ու հնարաւորութեան, կառուցեց  իր վանքը օժտելով զայն սեղանատունով, ընթերցասրահով, շքեղ գրադարանով, աշակերտներու եւ ուսանողներու տարբեր մասնաշէնքերով, ինչպէս նաեւ աշխատակից եղբայրներու եւ վարդապետ միաբաններու խուցերով:

Շքեղ գրադարանի եւ պերճաշուք եկեղեցիի կառոյցները անգամ մը եւս կ՚ընդգծեն Մխիթարի գաղափարականը, ծառայելու ազգին գիտութեամբ եւ աստուածսիրութեամբ: Վերոյիշեալ բոլոր կառոյցները ճարտարապետական յարմարագոյն լուծումներ կը հանդիսանան, անգամ մը եւս փաստելով, Մեթոնի փորձառութիւնն ալ նկատի ունենալով, Մխիթարի գործնական մտքի, փայլուն ընկալումը եւ դրսեւորումը որպէս բացառիկ ճարտարապետ:

Մեթոն ժամանելու առաջին իսկ օրերէն ժամանակ չէր խնայած յաջորդականութիւնը ապահովելու համար անձամբ դասաւանդելով, դաստիարակելով եւ հրահանգելով աշակերտները որոնք իր տեսլականը պիտի յաւերժացնէին: Միեւնոյն խանդավառութեամբ կը շարունակէ կազմաւորման այս աշխատանքը Սուրբ Ղազար ժամանելէն ետք: Երբ նորընծայարանի շէնքը կ՚աւարտի, Մխիթար աշակերտներուն խնամքը կը յանձնէ Հ. Ստեփանոս Վարդապետին, որ միաժամանակ իր խոստովանահայրն էր. Այսուհանդերձ, մինչեւ կեանքին վերջը, Մխիթար իր բազմազբաղ առօրեային մէջ, հնարաւորին չափ ժամանակ կը յատկացնէր դասաւանդութեան:

Վենետիկ ժամանելու առաջին օրէն իսկ Մխիթար Աբբա իր հրատարակչական առաքելութիւնը կը շարունակէ, համոզուած ըլլալով որ գիրքերու շնորհիւ պիտի ապահովէ իր սիրելի ժողովուրդին հոգեւոր վերելքը: Հերթականութեամբ հրատարակութեան կը յանձնէ Աստուածաբանութեան համառօտութիւն մը, աղօթագիրք, Նոր Կտակարան, Ախտերու եւ առաքինութիւններու մասին պատմող գիրք, Քերականութիւն գրաբար լեզուի, Քրիստոնէական վարդապետութիւն, Տաղարան, Սաղմոսարան, Աստուածաշունչ, Սողոմոնի առակներ, Ժողովողի մեկնութիւն, Մեկնութիւն Մատթէի, Պարտէզ հոգեւոր, Վարք Գրիգոր Լուսաւորչի, եւ հուսկ՝ Բառգիրք Հայկազեան լեզուի:

Հրատարակչական առաքելութեան զուգահեռ՝ Մխիթար իր աշակերտները անընդմէջ եւ փոխն ի փոխ կ՚ուղարկէ հայրենի հողի տարբեր գաւառներ, քարոզելու, մխիթարելու, եւ հոգեւոր սնունդ մատակարարելու համար:

Այս բոլոր աշխատանքները, մտահոգութիւնները, կրած նեղութիւնները եւ անցուցած հիւանդութիւնները բոլորովին կը հիւծեն Մխիթար Սեբաստացին, որ եռամեայ հիւանդութեան շրջաններ անցնելէ ետք, բժիշկներու խնամքով մի քանի անգամ վերականգնելէ յետոյ, 1749ի Ապրիլի սկիզբը վերջնականօրէն անկողին կը գամուի եւ վերջին օծումն ու հոգեւոր մխիթարութիւններն ստանալէ ետք՝ կ՚աւանդէ հոգին 27 Ապրիլ 1749ին: 

 Սրբութեան համբաւը կենդանութեան օրերուն արդէն տարածուած էր ամէնուր. շատեր իր բարեխօսութեան կը սկսին դիմել եւ մխիթարեան հայրերէ կը խնդրեն իր պատկերը ունենալ:

Մխիթար իսկապէս սրբակենցաղ վարք մը ունեցաւ. ամբողջ կեանքին ընթացքին միշտ Աստուծոյ նախախնամութեան եւ Աստուածամօր խնամքին ապաւինեցաւ: Խոհեմութեամբ զարդարուած՝ ամէն ինչ կշռադատող եւ հետեւաբար հաստատակամ եւ զգուշաւոր, միշտ միջին ճամբան կ՚ընտրէր: Պատկառելի եւ վեհ պահուածքին հաւասար՝ խոնարհամիտ անձ էր որ գիտէր հրամայել համեստ եւ բարեշնորհ կերպով, եւ քաղցրահամբոյր վերաբերումով: Նախանձախնդիր էր վանական կանոններու անվրէպ պահպանման, որուն անձամբ օրինակ կու տար: Ինքզինք զոհաբերած էր ինքնանուէր եւ անվերապահօրէն ոչ միայն մաիաբանութեան, այլ եւ ամբողջ ազգին: Անյիշաչարութեան եւ ներողամտութեան գերազանց օրինակ կը հանդիսանայ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Խոնարհութեան տիպար օրինակ՝ միշտ խուսափած է մարդկային գովասանքէ, փառքէ, համբաւէ, եւ պարգեւատրումներէ: Հոգիի աղքատութեան հետ միասին, երկրաւոր բարիքները արհամարհած՝ երկնային արժէքներուն կը ձգտէր, դրամը օգտագործելով որպէս միջոց, առանց երբեք կուտակելու ցանկութեան, առաւել եւս անոր գերի դառնալու: Եղբայրսիրութեան գերազանց օրինակ եւս կը հանդիսանայ մեզի, միշտ գերադասելով մերձաւորը եւ անտեսելով սեփականը: Աղքատսիրութեամբ կը փայլէր միշտ հասնելով կարօտեալին եւ չքաւորին: Երկնատուր կազմակերպչական եւ ղեկավարման ձիրքով օժտուած էր, որու շնորհիւ կրցաւ իրականացնել աստուածատուր երազանքը հիմնելու միաբանութիւն մը, առաջնորդելու եւ նաւարեկելու ամենադժուարին եւ ծանր պատմական ելեւէջներուն ընդմէջէն, հանգրուանելու համար Ս. Ղազար կղզիի խաղաղ ափերուն, յաւերժաբար ծառայելու համար ազգին եւ եկեղեցւոյ, Աստուածամօր հովանիին տակ եւ Ամենափրկչին օրհնութեամբ: