ԴԻՒԱՆԱՅԻՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ / FONTI ARCHIVISTICHE

OHANIAN P. VAHAN / ՕՀԱՆԵԱՆ Հ. ՎԱՀԱՆ ՎՐԴ. 
(fra)
Letteres adressées au p. Léon Alishan. III partie: Letteres en français
Հայր Ղեւոնդ Վրդ. Ալիշանին ուղղուած նամակներ - Գ. Մաս - Ֆրանսերէն նամակներ

Bazmavep 2021 / 3-4, pp. 15-104

Հ. Ղե­ւոնդ Վրդ. Ալի­շա­նին ֆրան­սե­րէն լե­զուով գրուած նա­մակ­նե­րը մե­­ծաւ մա­սամբ խիստ շա­հե­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը պա­րու­նա­կեն հա­յա­գի­տա­կան, ձե­ռագ­րա­գի­տա­կան, լե­զուա­բա­նա­կան, ճար­տա­րա­պե­տա­կան, ինչ­պէս նաեւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հրա­տա­րա­կուող տար­բեր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու, թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու մա­սին:

­Հե­տաքրք­րա­կան են Վիք­թոր Լանկ­լուայի գրած նա­մակ­նե­րը, որոնց շնոր­հիւ կը փաս­տուի եր­կու գիտ­նա­կան­նե­րու փո­խա­դարձ աջակ­ցու­թիւ­նը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

­Մա­րի Ֆե­լի­սի­թէ Պրոս­սէի նա­մա­կագ­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւէ եւ ծա­ւա­լուն հա­տուածն է Ալի­շա­նին ուղ­ղուած ֆրան­սե­րէն նա­մակ­նե­րուն: Գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն եւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լէ ետք, շատ ան­գամ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներն ալ յայտ­նե­լէ զատ, Պրոս­սէ կը գրէ նաեւ առօ­րեայի հետ կա­պուած հար­ցեր, ինչ­պէս իր Վե­նե­տիկ ժա­մա­նու­մին մա­սին եւ բնա­կա­վայ­րը ընտ­րե­լու ման­րա­մաս­նե­րուն շուրջ: