Հ. ՊՕՂՈՍ ԼԵՒՈՆ ԶԷՔԻԵԱՆ / P. BOGHOS LEVON ZEKIYAN 
(ita)
Un prezioso servizio alla conoscenza della verità storica
I documentı dell’archıvıo segreto Vatıcano sulla Questıone Armena
a cura di Georges-Henri Ruyssen
Արժէքաւոր ծառայութիւն մը պատմական ճշմարտութեան ճանաչման



Bazmavep 2015 / 1 - 2, pp. 191-201

Ներկայ յօդուածը վերամշակումն է՝ Հռոմի Քահանայապե­տա­կան Արեւելեան Ինստիտուտին մէջ, 21 Նոյեմբեր 2015ին կատա­րուած դա­սախօսութեան մը, որ կը ներկայացնէր Յիսուսեան Կարգի Մի­ա­բան բելգիացի Հ․ Ժորժ Ռիւսէնի եօթհատորանի կոթողային գոր­ծը Օս­մանեան Կայսրութեան վերջին շրջաններուն տեղի ունե­ցած Հա­յոց սպանդ­ներու մասին՝ Համիտեան ջարդերէն սկսեալ մին­չեւ 1915ի ողբերգական թուականին Մեծ Եղեռնի Ցեղասպանութիւնը եւ ասոր յաջորդող եղեռնագործութիւններու շարունակութիւնը։ Ներ­­կայ հրա­տա­րակութեան մէջ դասախօսութեան բնագիրը պա­հուած է ըստ էութեան, շարադրանքային թեթեւ վերհպումներով, ի հե­ճուկս՝ նաեւ յետքայլային՝ որոշ փոփոխութիւններու, 2015ին յա­ջոր­դող տարի­նե­րուն։ 
Բանախօսութիւնը նախ ամփոփ բնութագիր մը կ­՚ուրուագրէ Թուր­քիոյ մտաւորական տեսաբեմին վրայ վերջին տասնամեակներու ըն­թացքին նշմարուած զարգացումներուն՝ առ հասարակ, եւ յատ­կա­պէս՝ հայկական հարցերու առնչութեամբ։ Ապա կը հարցադրէ պատ­մա­կան վերյուշին կարեւորութիւնը։ Վերյուշը կարեւոր է, ո՛չ այն­քան այն միամիտ յաւակնութեան համար՝ որ նման դէպքեր չկր­կը­նուին, այլ մղելու համար միջազգային հասարակութիւնը, մանա­ւանդ իրաւադիր եւ օրէնսդիր մարմինները՝ խորհելու, բանա­ձեւե­լու, հուսկ կիրարկումի առաջարկելու համար իրաւական եւ օրի­նա­կան բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքն առ­նել եւ հիմնովին խափանել նման դէպքերու եւ առ հասարակ նախ­ճիրներու կրկնութիւնը:
Հեղինակը արդիական իմաստով ցեղասպանութիւններու իբրեւ գլ­խաւոր ազդակներէն մէկը կը նկատէ Արդիութեան բերած եւ ար­մատաւորած «Ազգ-Պետութիւն» յղացքին սեղմ իմացումը, որով տե­սա­կանօրէն «այլ»ը տեղ չի գտներ այդ կառոյցին մէջ, եւ այս ի­մա­ցու­մին ծայրայեղօրէն հետեւողական կիրառումը։ Ասոնց մեզի շատ մօտիկ եւ ամէնէն ցայտուն օրինակներէն հանդիսացած է, մեր աչ­քե­­րուն առջեւ, նախկին Հարաւ-Սլաւիոյ քայքայումը՝ առթած ցեղա­սպա­նային արարքներով։
Ապա հեղինակը կանգ կ՚առնէ Համիտեան եւ Իթթիհատական գա­ղափարախօսութիւններուն հիմնական տարբերութեան վրայ՝ ի­րենց բաղ­կարար կորիզին մէջ, հուսկ նշելու եւ վեր հանելու հա­մար Հ․ Ռիւ­սէնի կոթողային այս աշխատանքին անգնահատելի ծա­ռա­յու­թիւ­նը Պատմութեան, եւ պատմական ճմարտութեան վե­րա­հաս­տա­տու­մին։