LARUBIO MARK / ԼԱ­ՌՈՒ­ՊԻՈՅ ՄԱՐԿ
(eng)
«Unto the state of Venice» Migrations, tolerations, and legality in Shakespeare’s The merchant of Venice
«­Վե­նե­տի­կի Հասարակապե­տու­թիւ­նը». գաղ­թա­կա­նու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, եւ օրի­նա­կա­նու­թիւն Շէյքս­փի­րի Վե­նե­տի­կի Վա­ճա­ռա­կա­նին մէջ

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 175-186

­Գաղ­թա­կա­նը իրա­ւունք­ներ չու­նէ՞ր։ Իրա­ւունք չու­նէ՞ր պա­հան­ջե­լու բո­լոր այն իրա­ւունքնե­րը, որ իրեն սոր­վե­ցու­ցած էին։ Ասոնք գըլ­խա­ւոր հար­ցում­ներն են, որ կը մտա­բե­րենք Վե­նե­տի­կի Վա­ճա­ռա­կա­նը կար­դա­լէ ետք, երբ նկա­տի կ՚առ­նենք գաղ­թա­կա­նի կեր­պա­րը։

Մարկ Լա­ռու­բիոն լր­ջօ­րէն կը մեկ­նա­բա­նէ գաղ­թա­կա­նին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը Եւ­րո­պայի պատ­մու­թեան մէջ, զայն հա­մե­մա­տե­լով փախս­տա­կան­նե­րու այ­սօ­րուան վի­ճա­կին։ Յօ­դուա­ծին հե­ղի­նա­կը կը պատ­ճա­ռա­բա­նէ, որ այս թա­տե­րա­խա­ղին մէջ կր­նանք նկա­տել մշ­տա­տեւ ան­հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը երկ­րի մը «բ­նա­ծին, օրի­նա­ւոր» քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ օտար գաղ­թա­կա­նին մի­ջեւ։

Գաղ­թա­կան­նե­րու հան­դէպ վե­րա­բեր­մուն­քը, Մա­րո­քի Իշ­խա­նէն մին­­չեւ Վե­նե­տի­կի հրեանե­րը, ցոյց կու տայ շատ ընդ­հան­րա­ցած իրա­կա­նու­թիւն մը, ուր օրէն­քը կը գոր­ծա­ծուի գաղ­թա­կան­նե­րը օտա­րա­ցնե­լու եւ անոնց դէմ դա­ժա­նու­թիւն գոր­ծադ­րե­լու նպա­տա­կով։