MONTEZANTI ­MIGUEL ANGEL / ՄՕՆ­ԹԵ­ԾԱՆ­ԹԻ ՄԻ­ԿԷԼ ԱՆ­ԽԷԼ
(eng)
An argentinezed translation of the sonnets
Հն­չեակ­նե­րու ար­ժան­թի­նա­ցուած թարգ­մա­նու­թիւն մը

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 209-217

Տա­րի­ներ առաջ, յօ­դուա­ծի հե­ղի­նա­կը փոր­ձար­կու­թեան մը լծուե­ցաւ՝ թարգ­մա­նելու Շէյքս­փի­րի հն­չեակ­նե­րը Ռիո տէ լա Փլա­թայի սպա­­­նե­րէ­նի (որ կը խօ­սուի Ար­ժան­թի­նի եւ Ու­րու­կուայի մէջ)։ Սպա­նե­րէ­նի այս ճիւ­ղին նկա­տե­լի յատ­կա­նիշ­նե­րէն է եզա­կի երկ­րորդ դէմ­քի «vos» դե­­րա­նու­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, փո­խա­նակ դա­սա­կան «tú» դե­րա­նու­նին։ Քա­նի որ Հա­րա­ւային Ամե­րի­կայի այս շր­ջա­նի խօ­սակ­ցա­կան դե­րա­նու­նի գոր­­ծա­ծու­թիւ­նը ըն­տա­նե­կա­նու­թիւն կ՚ա­պա­ցու­ցէ, Հն­չեակ­նե­րուն ար­տա­սա­նու­թիւնն ալ կը փո­խուի։­

Այս թար­գմա­նու­թիւ­նը կր­նանք յա­րեր­գա­կան նկա­տել, ոչ եր­գի­ծա­կան նպա­տակ­նե­րով, այլ «յա­րեր­գու­թիւ­նը» հասկ­նա­լով իբ­րեւ վե­րա­շա­րադ­րանք։ Կա­րե­լի չէ, սա­կայն, այս թարգ­ման­չա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան ար­դիւն­քին զա­ւեշ­տա­կան երան­գը ան­տե­սել։ Յօ­դուա­ծին մէջ կը քն­նար­կուին Ար­ժան­թի­նեան սպա­նե­րէ­նի բար­բա­ռին թարգ­մա­նու­թեան հետ կա­­պուած հն­չիւ­նա­բա­նա­կան, շա­րա­դա­սա­կան, բա­ռագ­րա­կան եւ ոճա­կան հար­­ցեր։ Շարք մը քն­նա­դատ­նե­րու հա­մա­ձայն, այս թարգ­մա­նու­թիւ­նը կը յի­­շեց­նէ թան­կոյի եր­գե­րուն խօս­քե­րը։