MERCIER STEPHANIE / ՄԵՐ­ՍԻԷ Ս­ՏԵ­ՖԱ­ՆԻ 
(eng)
Venice in Paris (2014) and London (2017): fully recognised otherness in Othello
Վե­նե­տիկը Փա­րի­զի (2014) եւ Լոն­տո­նի (2017) մէջ լիովին ըն­դու­նուած օտա­րու­թիւն Օթել­լոյի մէջ

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 199-208

Հե­ղի­նա­կը լու­սար­ձա­կի տակ կ՚առ­նէ թա­տե­րա­կան շար­ժա­ռիթ­նե­րը եւ կ՚ու­սում­նա­սի­րէ թէ ի՛նչ­պէս Օթել­լոն բե­մադ­րուած է, նկա­տի առ­նե­լով յա­տուկ ունկն­դիր­ներ։ Նաեւ կ՚ար­ժե­ւո­րէ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մաս­նա­ւոր մշա­կու­թային յատ­կա­նիշ­ներ շեշ­տե­լու ներ­կայիս՝ յե­տաշ­խար­հային Եւ­րո­պայի մէջ։ 

Ս­կով­տիոյ Յա­կոբ Լե­փան­թոն հա­զար տո­ղէ աւե­լի դիւ­ցազ­ներ­գա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մըն է, նուի­րուած միացեալ քրիս­տո­նեայ ոյ­ժե­րու՝ Սուրբ Դա­շին­քի «ար­դար» յաղ­թա­նա­կին, ան­հա­ւատ օս­ման­ցի թուր­քե­րուն դէմ։ Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան գլ­խա­ւոր նիւ­թը՝ 1571­ի Լե­փան­թոյի ծո­վա­մարտն է, Կիպ­րո­սը վե­րագ­րա­ւե­լու թր­քա­կան ներ­խու­ժու­ման ժա­մա­նակ։ Օրին, Կիպ­րոս առեւ­տու­րի կեդ­րոն մըն էր, որ 1489­էն ի վեր, Վե­նե­տի­կի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակն էր։ Շէյքս­փիր Օթել­լոն գրեց 1604­ի­ն, ծո­վա­մար­տէն երեք տաս­նա­մեակ ետք եւ գրե­թէ տաս­նը­հինգ տա­րի յե­տոյ Յա­կոբ թա­գա­ւո­րի բա­նաս­տեղ­ծու­թե­նէն, (լոյս տե­սած 1591ի­ն)։

Շէյքս­փի­րի գոր­ծը, սա­կայն, հան­դի­սա­տես­նե­րուն աւե­լի հա­ւա­սա­րակ­շիռ կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նէ Օթել­լոյի մշա­կու­թային փո­խան­ցու­մը, եթէ բաղ­դա­տենք Յա­կո­բի «ցե­ղա­պաշ­տա­կան, մշա­կու­թային եսա­սէր եւ կայ­սե­րա­պաշ­տա­կան» բա­նաս­տեղ­ծա­կան պա­տու­մին «փա­ռա­ւոր զի­նուո­րա­կան յաղ­թա­նա­կի մը, բայց նաեւ լռե­լեայն գո­վա­սա­նու­թիւն մը ար­դա­­րու­թեան ար­դա­րոց»։ Այս յօ­դուա­ծի հե­ղի­նա­կը կը մեկ­նա­բա­նէ չա­փա­ւոր մօ­տե­ցում­նե­րը Լէոնի Սի­մա­գայի բե­մադ­րու­թեան Փա­րի­զի Վիւ Քո­լոմպիէր թատ­րո­նին մէջ 2014­ին եւ Էլէն Մակ­Տա­կալ­լի 2017­ի Լոն­տո­նի բե­մադ­րու­թիւ­նը։