HO I-FAN / ՀՕ Ի-ՖԱՆ
How Shakespeare’s drama contributed to the individual in exile: before Hamlet
Ինչ­պէս Շէքս­պի­րի թատ­րեր­գու­թիւ­նը օգ­նեց աք­սո­րեալ ան­հա­տին. Համ­լէ­թէ առաջ
­

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 153-162

«Ըլ­լալ, թէ չըլ­լալ»։ Թէեւ Համ­լէթ կրօ­նա­կան հա­կում­ներ ու­նի, այ­սու­հան­դերձ, իր ամե­նա­ծա­նօթ խօս­քը կը բա­ցա­յայ­տէ իր խոր տա­տա­նու­մը ան­ձնաս­պան ըլ­լա­լու իր իրա­ւա­սու­թեան մա­սին՝ որո­շում մը, որ տա­կա­ւին քրիս­տո­նէու­թիւ­նը կ՚ար­գի­լէ։ Այս կարճ պա­հը կը պար­զէ նը­շա­­նա­կա­լից փո­փո­խու­թիւն մը մար­դու եւ ամե­նա­գէտ երկ­նային դի­տոր­­դին յա­րա­բե­րու­թեան մէջ։

Համ­լէ­թի այս խօս­քը Աս­տու­ծոյ բա­րո­յա­գի­տա­կան չա­փա­նի­շի գե­րա­գոյն հան­գա­ման­քը կը խախ­տէ կամ նոյ­նիսկ կը խոր­տա­կէ։ Ոչ միայն Աս­տու­ծոյ հե­ղի­նա­կու­թեան դէմ հա­րուած մըն է, այլ նաեւ մար­դու տե­­սու­թեան սե­փա­կան էու­թեան մա­սին։

Կա­տա­րին Էի­սա­ման Մաու­սի խօս­քե­րով, Համ­լէ­թի առա­ջին բե­մադ­րու­թեան օրով՝ այ­սինքն, ԺԷ. դա­րուն, շարք մը գրող­նե­րու հա­մար «ա­մե­նա­գէտ հան­դի­սա­տե­սի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը այն­քան տար­րա­կան էր մար­դու են­թա­կա­յու­թեան կա­ռոյ­ցին հա­մար, որ այդ են­թա­կա­յու­թեան իրո­ղու­թիւ­նը մաս կը կազ­մէր Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան փաս­տին»։ Մէկ խօս­քով՝ Համ­­լէ­թի «ըլ­լալ, թէ չըլ­լալ» խօս­քը մար­դու ինք­նու­թեան մտա­պատ­կե­րը կը խլէ կրօ­նա­կան ար­մատ­նե­րէն։