HOPKINS LISA / ՀՈՊ­ԿԻՆՍ ԼԻ­ԶԱ
(eng)
«Having passed Armenian deserts now»: Marlowe’s Tamburlaine the great
«Այժմ կ՚անց­նիմ Հայաս­տա­նի անա­պատ­նե­րէն» ­Մառ­լոյի Մե­ծն Լենկ-Թի­մուրը

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 163-174

­Շէյքս­փիր միայն մէկ ան­գամ Հա­յաս­տան կը յի­շէ։ Ան­տո­նիոս եւ Կղէո­պատ­րայի մէջ, Կե­սա­ր կ՚ը­սէ Ան­տո­նիոսի մա­սին.

­Իր զա­ւակ­նե­րը ար­քայից ար­քայ հռ­չա­կեց.
­Մեծն Մա­րաս­տան, Պար­թե­ւաս­տան եւ Հա­յաս­տան
­Տուաւ Աղեք­սանդ­րի. Պտ­ղո­մէոսին յատ­կա­ցուց
­Սու­րիան, Կի­լի­կիան եւ Փիւ­նի­կէն։

­Այս հա­տուա­ծին մէջ, Հա­յաս­տա­նը յիշուած է ու­րիշ վայ­րե­րու հետ, անո­րոշ տպա­ւո­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու հա­մար, որ­պէս ընդ­հա­նու­ր արե­ւե­լեան եր­կիր մը։ Հա­ւա­նա­բար, սա­կայն, Շէյքս­փիր Հա­յաս­տա­նի մա­սին աւե­լի գի­տէր։ Կր­նայ Հա­յաս­տան տե­սած ըլ­լալ Որ­տե­լիոսի քար­տէզ­նե­րուն վրայ։­

Օ­թել­լոյի որոշ տար­րեր մտա­ծել կու տան, որ լսած էր Կիպ­րո­սի վեր­­ջին թա­գու­հի՝ Կա­տա­րի­նէ Կոռ­նա­րոյի մա­սին, որու պաշ­տօ­նա­կան տիտ­ղոսն էր Կիպ­րո­սի, Երու­սա­ղէ­մի եւ Հա­յաս­տա­նի թա­գու­հի։­

Ան­կաս­կած, սա­կայն, ծա­նօթ էր Մառ­լոյի Մեծն Լենկ-Թի­մուր եր­կու արար­նոց թա­տե­րա­խա­ղին, որ սեր­տօ­րէն կապ ու­նէր 1578-1590ի Օս­մա­նեան-Սէ­ֆեան Պա­տե­րազ­մին եւ որու մէջ յի­շա­տա­կուած է Հա­յաս­տա­նը։ Այն ժա­մա­նակ, Հա­յաս­տան ար­գե­լակ հո­ղա­մաս մըն էր եր­կու հա­կա­ռա­կորդ պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ. 1513էն մին­չեւ 1737, Երե­ւա­նի՝ իր այ­սօ­րուայ մայ­րա­քա­ղա­քը ձեռքէ ձեռք ­խլուած է տաս­նը­չորս ան­գամ։