WICHER ANDRZEJ / ՎԻ­ԽԵՐ ԱՆԴՐ­ԷՅ 
(eng)
Othello as his wife’s enchanted enchanter. A study of the tradition of the tales about supernatural husbands’ and wives as it appears in Shakespeare’s Othello
Օ­թել­լոն իբ­րեւ իր կնոջ կա­խար­դուած հմայո­ղը. գերբ­նա­կան ամու­սին­նե­րու մա­սին պատ­ումնե­րու աւան­դու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւնը այն­պէս ինչ­պէս կը գտնենք Շէյքս­փի­րի Օթել­լոյին մէջ

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 271-284

­­Կա­րե­լի է փնտ­ռել Շէյքս­փի­րի Օթել­լոյին ար­մատ­նե­րը ժո­ղովր­դա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Այդ­պէս դի­տուած, Օթել­լոն կա­խար­դուած էակ մըն է, որու կի­նը, հա­կա­ռակ ժո­ղովր­դա­կան պատ­մուածք­նե­րու աւան­դու­թեան, չի յա­ջո­ղիր զինք կա­խար­դան­քէն ձեր­բա­զա­տել։

Տի­պա­րին այս երե­սին ան­դրա­դառ­նա­լով, Հա­րոլդ Պլում կ՚ը­սէ որ «ո­րոշ չա­փով, Օթել­լոյ ինք­զինք կը դիւ­թէ եւ միաժա­մա­նակ Տեզտե­մո­նան հմայողն է»։ Գրա­գէ­տը կ՚ը­սէ, որ Օթել­լոն «կա­տա­ղի կեր­պով կ՚ու­զէ եւ կա­րի­քը ու­նի Շէյքս­փի­րի պատ­մու­թեան մը գլ­խա­ւոր կեր­պա­րը ըլ­լա­լու, բայց, ափ­սո՜ս, հե­րոս-զոհն է այս ցա­ւա­լի շէյքս­փի­րեան արիւ­նա­լի տնա­յին ող­բեր­գու­թեան»։

Յօ­դուա­ծին հե­ղի­նա­կը կը փոր­ձէ բա­ցա­յայ­տել Օթել­լոյի պատ­մու­թեան թա­քուն կող­մե­րը, ու­սում­նա­սի­րե­լով թա­տե­րա­խա­ղին կա­պե­րը ժո­­ղովր­դա­կան հե­քիաթ­նե­րու աշ­խար­հին հետ։