SEYMOUR JASMINE H.  / ՍԷՅ­ՄՈՒՐ ՅԱՍ­ՄԻԿ 
(eng)
Italian years and influences on Papazian’s stage artistry
­­Ի­տա­լա­կան տա­րի­ներ եւ ազ­դե­ցու­թիւն­ներ Փա­փա­զեանի բե­մա­կան արուես­տին վրայ
 

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 241-261

­Շէյքս­փի­րեան դե­րա­սան եւ բե­մադ­րիչ Վահ­րամ Փա­փա­զեան (1888-1968), որուն նուի­րուած է Հայ Շէյքս­փի­րեան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան 2019­ի Վե­­նե­տի­կի գի­տա­ժո­ղո­վը, սորվեցաւ եւ բնա­կե­ցաւ Մու­րատ Ռա­փայէ­լեան Վար­ժա­րա­նի շքեղ պա­լա­տին մէջ 1900­ա­կան­նե­րուն։ Փա­փա­զեանի ազ­դե­ցիկ եւ ճոխ թա­տե­րա­կան ժա­ռան­գը ծա­ւա­լուն հե­տա­զօ­տու­թեան ար­ժա­նի է այս գի­տա­ժո­ղո­վի ծի­րէն դուրս։

Այս յօ­դուա­ծը կեդ­րո­նա­ցած է Իտա­լիոյ մէջ դաս­տիարա­կու­թեան եւ կազ­մա­ւոր­ման տա­րի­նե­րուն վրայ, որ դրոշ­մե­ցին մեծ արուես­տա­գէ­տին կեանքն ու գոր­ծը։ Փա­փա­զեանի ստա­ցած խիստ դա­սա­կան կր­թու­թիւ­նը Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ձե­ւա­ւո­րեց դա­սա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան իր ըն­կա­լու­մը։ Մու­րատ Ռա­փայէ­լեանի մէջ է նաեւ որ սոր­վե­ցաւ հին եւ նոր լե­զու­ներ ու ձեռք բե­րաւ կար­գա­պա­հու­թիւն եւ մեծ հմ­տու­թիւն։

Մխի­թա­րեան հայ­րե­րուն առած որո­շու­մը՝ խոս­տում­նա­լից երի­տա­սար­դը Մի­լա­նի Արուես­տի Ակա­դե­միան ու­ղար­կելու, որ­պէս­զի մասնա­գի­տա­նար գե­ղա­րուես­տի եւ թատ­րեր­գու­թեան ճիւ­ղէն ներս, Փա­փա­զեանի դե­րա­սա­նա­կան աս­պա­րէ­զին առա­ջին քայ­լը հան­դի­սա­ցաւ, առիթ ըն­ծայե­լով, որ Իտա­լիա եւ Եւ­րո­պա շր­ջի իտա­լա­կան յայտ­նի թա­տե­րա­խում­բե­րու հետ։ Յի­սուն տա­րիէ աւե­լի, Շէյքս­փի­րի տի­պար­նե­րու հինգ լե­զու­նե­րով դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, ան տարբեր եր­կիր­նե­րու մէջ ար­ժա­նա­ցաւ քն­նա­դատ­­նե­րու բարձր գնա­հա­տան­քին եւ ժո­ղովր­դա­կան համ­բա­ւին։