PREESHL ARTEMIS / ՓՐԻ­ՇԸԼ ԱՐ­ՏԵ­ՄԻՍ
(eng)
#Metoo and the moor: recontextualization of Cinthio’s The moor of Venice and Shakespeare’s Othello
­­#Ե­սալ եւ մաւ­րը. Չին­տիոյի Վե­նե­տի­կի Մաւ­րը Եւ Շէյքս­փի­րի Օթել­լոն 

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 229-240

#Ե­սԱլ Շար­ժու­մը փո­խած է մեր մտա­պատ­կե­րը կի­նե­րու հա­ւա­նու­թեան շուրջ տղա­մար­դոց հետ կապ հաս­տա­տե­լու առն­չու­թեամբ: Այս նոր մօ­տե­ցու­մը կը գու­նա­ւո­րէ գրա­կան եր­կե­րու մշա­կու­թային պատ­շա­ճե­ցում­նե­րու մեր ըն­կա­լու­մը։

Ար­տե­միս Փրի­շըլ բաղ­դա­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կը ներ­կա­յաց­նէ Ջի­րալ­տի Չին­տիոյի Վե­նե­տի­կի Մաւ­րը (1565) եւ Շէյքս­փի­րի Օթել­լոյի (1603) ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին, յատ­կա­պէս ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լով հա­ւա­նու­թեան դե­րին Չին­տիոյի Տեզ­դե­մո­նայ ու Շէյքս­փի­րի Տեզտե­մո­նայ տի­պար­նե­րուն, զա­նոնք հա­մե­մա­տե­լով Դրօ­շա­կի­րին կնոջ՝ Մաւ­րին մէջ եւ Օթել­լոյի Էմի­լիա կեր­պա­րին։

Այս աշ­խա­տու­թեան հե­ղի­նա­կը կ՚ու­զէ հասկ­նալ, թէ ի՛նչ­պէս ոյ­ժի պար­տադ­րու­թիւ­նը կը պայ­մա­նա­ւո­րէ կնո­ջա­կան հա­ւա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը այս եր­կու պատ­մու­թիւն­նե­րուն պղա­տո­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան եւ ամուս­նու­թեան մէջ։ Վե­նե­տի­կի Մաւ­րին մէջ, Դրօ­շա­կի­րը լա­րուած է հեշ­տա­սէր ցան­կու­թեամբ Տեզ­տե­մո­նայի հան­դէպ։ Շէյքս­փի­րի թա­տե­րա­խա­ղին մէջ, սա­կայն, Եա­կոն Օթել­լոյին նա­խան­ձը կը դր­դէ ոչ թէ սի­րային իղ­ձե­րէ տա­րուած, այլ դիր­քը կորսնց­նե­լու զայ­րոյ­թին պատ­ճա­ռաւ։