PILLA ELENI / ՓԻ­ԼԼԱ ­ԷԼԷՆԻ
(eng)
“Welcome to Cyprus” (4.1.221): Mapping strange spaces in Shakespeare’s Othello by uncovering the interaction of history and fiction
«­Բա­րի եկաք Կիպ­րոս». օտար վայրե­րու ու­րուագ­ծում Շէյքս­փի­րի Օթել­լոյին մէջ։ Կա­պե­ր  պա­տմու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան մի­ջեւ 

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 218-228

Կիպ­րոս, որ Ափ­րո­դի­տէ դի­ցու­հիի ծնն­դա­վայ­րը կը նկա­տուի, ըստ աւան­դու­թեան՝ սի­րոյ, գե­ղեց­կու­թեան եւ բեղմ­նա­ւո­րու­թեան փո­խա­բե­րու­թիւն­նե­րու առար­կայ կը դառ­նայ։

Պա­փոս Ափ­րո­դիտէի պաշ­տա­մուն­քի կեդ­րոնն էր եւ Պա­ղե­պա­փո­սի պատ­մա­կան վայ­րը կ՚ընդգր­կէ Ափ­րո­դի­տէի կա­րե­ւո­րա­գոյն տա­ճար­նե­րէն մէ­կը հին աշ­խար­հի մէջ։

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Շէյքս­փի­րի Օթել­լոյ, Վե­նե­տի­կի Մաւ­րը ող­բեր­գու­թեան մէջ, Կիպ­րո­սի այս ցն­ծա­լի երե­սին հա­կա­պատ­կե­րը կը պար­զուի մեր առ­ջեւ. Օթել­լոյի կղ­զիին մէջ, սէ­րը կը հան­դի­պի մա­հուան։ Կիպ­րո­սը կը դառ­նայ այն տե­ղը, «ուր էրո­սը դա­ժա­նօ­րէն կը ճզ­մուի», որու խորհր­դա­նի­շը կը դառ­նայ ամուս­նա­կան ան­կո­ղի­նը, որ կը դառ­նայ Օթել­լոյի, Տեզ­տե­մո­նայի եւ Էմի­լիայի մա­հուան ան­կո­ղի­նը։

Կիպ­րո­սի մէջ գտ­նուող դիւանական փաս­տա­թուղ­թե­րու շնոր­հիւ, կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ այս գլ­խուն մէջ կա­պե­րը տես­նել կղ­զիին պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ գրա­կա­նա­ցուած դէպ­քե­րուն մի­ջեւ։