DOLESCHAL MAREIKE / ­ՄԱ­ՐԷՅ­ԿԷ ԴՈ­ԼԵ­ՇԱԼ
(eng)
Translating Shakespeare: exploring Shakespeare in different languages
Շէյքս­փի­րի թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րըխ ­Շէյքս­փի­րի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը տար­բեր լե­զու­նե­րով։

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 133-143

Յօ­դուա­ծին հե­ղի­նա­կը՝ 2009­էն ի վեր, Շէյքս­փի­րի Ծնն­դա­վայ­րի Խնա­մա­կա­լու­թեան Գրա­դա­րա­նա­պահն է, վերհս­կե­լով 55.000 գիր­քե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մը, որոնց­մէ մօ­տա­ւո­րա­պէս երեք հա­զարը Շէյքս­փի­րի կեան­քին, եր­կե­րուն եւ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մա­սին հնա­տիպ գիր­քեր են։ 

Տիկ. Դո­լե­շալ պա­տաս­խա­նա­տուն է գիր­քե­րու գնու­մին, ինչ­պէս նաեւ բրի­տա­նա­ցի եւ մի­ջազ­գային հե­տա­զօ­տող­նե­րու աշ­խա­տան­քին սա­տա­րե­լու եւ գրա­դա­րա­նին հա­ւա­քա­ծոյին քա­րոզ­չու­թիւ­նը ընե­լու ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մի­ջո­ցաւ։ Իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 2017­ին Խնա­մա­կա­լու­թեան գրա­դա­րա­նը սկիզբ տուաւ թուային տո­մարի մը (բ­լոգ)՝ Trans­lating Shakespeare, որու նպա­տակն է տա­րա­ծել հա­ւա­քա­ծոյին թարգ­ման­չա­կան գոր­ծե­րը։ 

­Շէյքս­փի­րի Ծնն­դա­վայ­րին Խնա­մա­կա­լու­թեան Գրա­դա­րա­նին մէջ, մօ­տա­ւո­րա­պէս ութ­սուն լե­զու ներ­կա­յա­ցուած է՝ ափ­րի­կաան­սէ մին­չեւ եո­րու­բայ, էս­պե­րան­դոյ, կլին­գոն, ուր­դու, եւ կալ­լէ­սե­րէն։ Թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րուն թի­ւը յա­րա­ճուն է։ Վեր­ջերս գրա­դա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոյին աւել­ցաւ Ռի­չըրտ Եր­րոր­դի բաց­ման մե­նա­խօ­սու­թիւ­նը ղրղ­զե­րէն եւ Տաս­ներկ­րորդ Գի­շեր ամե­րի­կեան նշան­նե­րու լե­զուով թուային բազ­ման­պա­տա­կային սկա­ւա­ռակ (ԹԲՍ, DVD) մը։