O’BRIEN ­­SHAUNA / Օ՚Պ­ՐԱՅԸՆ ՇՈ­ՆԱ 
(eng)
The influence of Armenian theatre-makers on the presence of Shakespeare in Iran
­­Հայ թա­տե­րա­գէտ­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը Իրա­նի մէջ Շէյքս­փի­րի ներ­կայու­թեան

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 109-119

Թէեւ առա­ջին ան­գլո-ի­րա­նա­կան հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է ԺԶ. դա­րուն, այ­սու­հան­դերձ, մին­չեւ 1879 փաս­տեր չկան Շէյքս­փի­րի թա­­­տե­րա­խա­ղե­րու բե­մադ­րու­թեան Իրա­նի մէջ։ Իրան­ցի դի­ւա­նա­գէտ­ներ ու­ղար­կուած են Եւ­րո­պա, Ռու­սիա եւ Մեծն Բրի­տա­նիա Ղա­ջար­նե­րու թա­գա­ւո­րու­թեան շր­ջա­նին (1789-1925), ինչ­պէս Միր­զա Աբուլ Հա­սան Խան 1809-1810­-ին եւ Միր­զա Սա­լէհ Շի­րա­զի 1815-1819­ի­ն, որ իրենց ու­ղեգ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կ՚անդ­րա­դառ­նան Շէյքս­փի­րին եւ իր թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րու բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն Անգլիոյ մէջ։­

Ա­ռա­ջին ակ­նար­կ­նե­րը Շէյքս­փի­րի գոր­ծե­րու ներ­կա­յա­ցու­մին Իրա­նի մէջ չեն գար սա­կայն պրի­տա­նա­կան խո­ղո­վակ­նե­րէ կամ այս դի­ւա­նա­գի­տա­կան ազ­դե­ցու­թեան ճամ­բա­նե­րէն, այլ գլ­խա­ւո­րա­բար Իրա­նի սահ­մա­նա­կից՝ Կով­կա­սէն եկած շր­ջող թա­տե­րա­խում­բե­րէ։­

Ան­կաս­կած, այս խում­բե­րէն ամե­նազ­դե­ցիկ­նե­րը Իրա­նի մէջ Շէյքս­փի­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար, Հա­յաս­տա­նէն եկած­ներն էին։ Այս յօ­դուա­ծը ընդ­հա­նուր պատ­կեր մը կը պար­զէ բազ­մա­թիւ հայ­կա­կան թա­տե­րա­խում­բե­րու եւ հայ թա­տե­րա­գէտ­նե­րու, որ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցան Շէյքս­փի­րի թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րը Իրա­նի մէջ ծանօթաց­նե­լու։

­Հե­ղի­նա­կը նաեւ կը փոր­ձէ փաս­տել, թէ ինչ­պէս հայ եւ պարս­կա­հայ արուես­տա­գէտ­ներ վճ­ռա­կան դեր խա­ղա­ցին Շէյքս­փի­րի բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն եւ թարգ­մա­նու­թեան պատ­մու­թեան հա­մար Իրա­նի մէջ։