CHATTERJEE KOEL / ­ՉԱՏ­ՏԷՐ­ՃԻ ՔՈԷԼ
(eng)
Othello in Indian accents: brown voice and racial performance
Օ­թել­լոյ Հնդ­կա­կան շեշ­տով սր­ճա­գոյն ձայն եւ ցե­ղային դե­րա­կա­տա­րու­թիւն

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 100-108

­Նոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ հար­ցա­կա­նի տակ դրած են Անգ­լիա­կան Ու­ղիղ Առո­գա­նու­թեան (Received Pronunciation) գոր­ծա­ծու­թիւ­նը Շէյքս­փի­րի բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Հա­մաշ­խար­հային հա­կում մը կայ շէյքս­փի­րեան գոր­ծե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ճո­խաց­նե­լու անգ­լիախօս աշ­խար­հի բազ­մա­զան շեշ­տե­րով։ Սա­կայն, ներ­կայիս Հնդ­կաս­տա­նի մէջ, շեշ­տին հար­ցը աւե­լի գրգ­ռիչ երե­ւոյթ մըն է, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցիական ան­գլե­րէ­նի շեշ­տին պատ­ճա­ռով։ «Բծախնդ­րօ­րէն յստակ ան­գ­լե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թեան» ակն­կա­լու­մը բար­դու­թեան շեր­տա­ւո­րում մը կ՚ա­­ւելց­նէ գա­ղու­թային եւ յետ­գա­ղու­թային հնդ­կա­կան շէյքս­փի­րեան բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն։   

Օ­թել­լոյի պատ­շա­ճեց­ման տար­բեր պա­րա­գա­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս օգ­­տա­կար օրի­նակ­ներ են քն­նար­կե­լու հա­մար թէ ի՛նչ­պէս շեշ­տե­րը կը պայ­մա­նա­ւո­րեն Շէյքս­փի­րի բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­կա­լու­մը Հնդ­կաս­տա­նի մէջ։ Լո­րէնս Ֆիշ­պըր­նի ափ­րի­կեան ան­գլե­րէ­նի առո­գա­նու­թեամբ 199­5ի Օթել­լոյէն (Օ­լի­վըր Փար­քը­րի ղե­կա­վա­րու­թեամբ) մին­չեւ Անտ­րէ Հոլ­լան­տի ամե­րի­կեան ան­գլե­րէ­նի շեշ­տով 201­8ի Լոն­տո­նի Կլոպ թատ­րո­նին մէջ բե­մադ­րու­թիւ­նը, Օթել­լոյի շեշ­տը յա­ճախ գոր­ծա­ծուած է իբ­­րեւ խորհր­դա­նիշ իր «Օ­տա­րի» հան­գա­ման­քին։