CAVANAGHSHEILA T. / ՔԱ­ՒԱ­ՆԱ‘ ՇԻԻԼԱ 
(eng)
Well-painted: synetic theater’s Italian shakespeares
«­Լաւ Ներ­կուած»։ Սի­նե­տիկ թատ­րո­նի իտա­լա­կան Շէյքսփիր­նե­րը

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 88-99

­Սի­նե­տիկ թատ­րո­նի Ան­սանձ Կնոջ սան­ձա­հա­րու­մը կը ներ­կա­յաց­նէ Կա­տա­րի­նան եւ Պետ­րու­կիոն իրա­րու վրայ ներկ նե­տած պա­հուն։ Կռուող զոյ­գին այս պատ­կե­րը զուար­ճա­լի եւ գրա­ւիչ է։ Ան­սան­ձին այս տար­բե­րա­կով, թա­տե­րա­խա­ղը կա­րե­լի է որա­կել որ­պէս սի­րային կա­տա­կեր­գու­թիւն մը, աւելի քան կնա­տե­ցու­թեան ձգ­տող թա­տե­րա­խաղ մը, ինչ որ յա­ճախ բա­նա­վէ­ճի տե­ղի կու տայ։

Սի­նե­տի­կի վե­րամ­շա­կուած տար­բե­րա­կին մէջ դե­րա­սա­րան­նե­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս կը խու­սա­փին խօ­սե­լէ եւ կ՚ար­տա­յայ­տուին իրար դէմ ներ­կագն­դակ­ներ ար­ձա­կե­լով։

Այս թա­տե­րա­խում­բի հիմ­նա­դիր­նե­րը, Պաա­տա եւ Իրի­նա Ցի­կու­րի­շվի­լի զոյ­գե­րը, կը գոր­ծա­ծեն արուես­տա­կան հնարք­ներ, որ զար­գա­ցու­ցած են իրենց հայ­րե­նի­քի՝Վրաս­տա­նի մէջ, «շար­ժու­մի, երաժշ­տու­թեան ճար­տա­րա­րուես­տի եւ գե­ղա­րուես­տի մի­ջո­ցով դա­սա­կան պատ­մու­թիւն­ներ պատ­մե­լու հա­մար, յա­տուկ Ամե­րի­կեան ոճով»։