BASU SRABANI / ԲԱ­ՍՈՒ Ս­ՐԱ­ԲԱ­ՆԻ 
(eng)
Shakespearana – the Shakespeare gharana (tradition): 
The influence of the bard on the Indian stage and screen with special reference to The merchant of Venice and Othello
­Շէյքս­փի­րա­կան ­Շէյքս­փի­րեան Կա­րա­նան (Ա­ւան­դու­թիւ­նը) թա­տե­րա­գի­րի ազ­դե­ցու­թիւ­նը Հնդ­կաս­տա­նի բե­մադ­րութեան մէջ, մաս­նա­ւոր անդ­րա­դար­ձով Վե­նե­տի­կի Վա­ճա­ռա­կա­նը Եւ Օթել­լոյ թա­տե­րա­խա­ղե­րուն

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 69-78

­Շէյքս­փիր գրած է թա­գա­ւոր­նե­րու, թա­գու­հի­նե­րու եւ ազ­նուա­կան­նե­րու մա­սին, բայց ծա­գու­մով հա­մեստ ըն­տա­նի­քէ էր։­

Իբ­րեւ ռա­միկ, ծա­նօթ էր պարզ մար­դու եր­ջան­կու­թեան ու ցա­ւին, բայց իր վար­պե­տու­թիւ­նը կը կա­յա­նար ազ­նուա­կան տի­պար­նե­րուն մշակ­ման եւ այս վսեմ ան­հատ­նե­րը բնո­րո­շող՝ բազ­մե­րանգ զգա­ցում­նե­րը դր­սե­ւո­րե­լուն մէջ։ Թա­գա­ւո­րա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն իր ծա­նօ­թու­թիւ­նը օգ­նեց, որ կա­մուրջ մը ստեղծէր ըն­կե­րու­թեան վե­րին, նր­բա­ճա­շակ խա­ւե­րուն եւ գիւ­ղե­րու ու քա­ղաք­նե­րու աղ­քատբնա­կիչ­նե­րուն մի­­ջեւ։

Այս­պէս, Շէյքս­փի­րի շնոր­հիւ, ըն­թեր­ցող­նե­րը կր­նան հասկ­նալ տար­­­բեր դա­սա­կար­գի ան­հատ­ներ, որոնց հետ ան­մի­ջա­կան շփում չեն ու­նե­ցած։  

Հան­ճա­րեղ բե­մադ­րի­չը ներշնչ­ման աղ­բիւր եղած է հն­դիկ թա­տե­րա­գիր­նե­րու, բե­մադ­րիչ­նե­րու, դե­րա­սան­նե­րու, բա­նաս­տեղծ­նե­րու եւ ռե­ժի­սոր­նե­րու բազ­մա­թիւ սե­րունդ­նե­րու հա­մար։ Շատ փոր­ձեր եղած են, մերթ յա­ջող, մերթ ոչ այն­քան յա­ջող, Շէյքս­փի­րի գոր­ծե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու տար­բեր հար­թակ­նե­րու վրայ, ինչ ործա­գում տուաւ«կա­րա­նա­յի» մը (հնդ­կե­րէն՝ Հնդ­կաս­տա­նի արուես­տա­գի­տա­կան աւան­դու­թեան մէկ տե­­սա­կը), որ վար­պետ թա­տե­րա­գի­րին ամէնու­րե­քու­թեան ար­տա­ցո­լումն է։