BILLINGHAM PETER / ՊԻԼ­ԼԻՆԿ­ՀԱՄ ­ՓԻԹՐ 
(eng)
Critiquing capital: Edward Bond’s Bingo (1973) and Shakespeare’s The Merchant of Venice (1605)
Եդուարդ Պոն­տի Պին­կոյ Թա­տե­րա­խա­ղը (1973) Եւ Շէյքս­փի­րի Վե­նե­տի­կի Վա­ճա­ռա­կա­նը (1605) 

Bazmavep 2019 / 3-4, pp. 55-68

Եդուարդ Պոնտ, քսա­նե­րորդ դա­րու յայտ­նի թա­տե­րա­գիր մը, իր Պին­կոյ (“Bingo”, 1973) գոր­ծին մէջ, Շէյքսփի­րը հիմ­նո­վին կը վե­րամ­շա­կէ նոր մարք­սիս­տա­կան տեսան­կիւ­նէ մը։­
Այս թա­տե­րա­խա­ղը կը ներ­կա­յաց­նէ Շէյքս­փի­րը իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, երբ կը խորհր­դա­ծէ բա­րո­յա­գի­տու­թեան, տն­տե­սա­գի­տու­թեան եւ գե­ղա­գի­տու­թեան հիմ­նա­կան տրա­մա­խօսու­թեան շուրջ։
­Պին­կոն քսա­նե­րորդ դա­րու Անգ­լիոյ աշխատաւոր դա­սա­կար­գի ժո­ղովր­դա­կան բախ­տա­խաղ մըն էր։ Պոն­տի այս թա­տե­րա­խա­ղին մէջ, որու են­թա­վերնա­գիրն է «Դ­րա­մի եւ մա­հուան պատ­կեր­ներ», հե­ղի­նա­կը հար­ցա­կան­նե­րու առ­ջեւ կը դնէ Շէյքս­փի­րը որ­պէս այս ար­դիական թա­տե­րա­խա­ղի գլ­խա­ւոր կեր­պար:Կեր­պա­րը ԺԷ. դա­րու նո­րա­ծին առեւտ­րա­կան դրա­մա­տի­րու­թեան (կա­պի­տա­լիզ­մի) օրե­րու՝ բա­րո­յա­կան եւ տն­տե­սա­­կան սադ­րանք­նե­րուն մէջ ինք­զինք կը գտ­նէ։­
Այս պատ­մա­կան շր­ջա­նը կը զու­գա­դի­պի Վե­նե­տի­կի վա­ճա­ռա­կա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ առա­ջին բե­մադ­րու­թեան թուա­կա­նին։