MUTAFIAN CLAUDE / ՄՈՒ­ԹԱ­ՖԵԱՆ Ք­ԼՈՏ
(fra)
La Transylvanie et les Mekhitaristes 
­Թ­րան­սիլ­վա­նիոյ ­հայե­րը եւ մխի­թա­րեան­նե­րը


Bazmavep 2018 / 1-2, pp. 199-213

 Բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տեն հայոց ներ­կա­յու­թիւ­նը Թրան­սիլ­վա­նիոյ ­մէջ: Հայե­րը շուրջ 141­8ին Հա­յաս­տա­նէն կը ժա­մա­նեն Մոլ­տո­վիա եւ ան­կէ կը հաս­տա­տուին Թրան­սիլ­վա­նիա, ըն­դու­նե­լով կա­թո­ղի­կէ դա­ւա­նան­քը, ինչ­պէս եղած էր Լե­հաս­տա­նի պա­րա­գան: Հայե­րը տեղ­ւոյն իշ­խա­նին՝ Ապա­ֆի Ա.ի հրա­մա­նով կը հաս­տա­տուին Տումպ­րա­վա­նի (Պա­շֆա­լով), որ Եղի­սա­բէ­թու­պո­լիս անու­նով կը ճանչ­ցուի, եւ կը ստա­նայ «ար­քու­նի ազատ քա­ղաք» կար­գա­վի­ճա­կը: Հայե­րը կը հիմ­նեն նաեւ Կեռ­լա քա­ղա­քը:

Մ­խի­թա­րեան հայ­րե­րը 1718 թուա­կա­նէն կ՚աշ­խա­տին, կը քա­րո­զեն, կ՚ու­սու­ցա­նեն, կը դաս­տիարա­կեն Թրան­սիլ­վա­նիոյ ­հայե­րը: Մխի­թա­րեան դպ­րոց­ներ կը հիմ­նուին Եղի­սա­բէ­թու­պո­լոիս, Նոր Վա­րա­տին, եւ այժ­մեան Ֆրու­մո­զա: Դպ­րոց­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, հա­յա­տառ եւ հուն­գա­րե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը եւ կո­թո­ղային գոր­ծե­րը կը վկայեն հա­րուստ մշա­կոյ­թով ժո­ղո­վուր­դի մը պատ­մու­թեան:

Հուն­գա­րաբ­նակ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րէն Մխի­թա­րեան միաբա­նու­թեան կ՚ան­դա­մակ­ցին բազ­մա­թիւ հայոր­դի­ներ, որոնց­մէ յի­շենք Հ. Ստե­փա­նոս Մել­քո­նեան եւ Հ. Ստե­փա­նոս Ագոնց, եր­կուքն ալ Ընդ­հան­րա­կան Աբ­բա­հայր­ներ ինչ­պէս նաեւ Հ. Գրի­գո­րիս Մա­նեան՝ Վիեն­նայի վան­քին Աբ­բա­հայր եւ ուրիշ վար­դա­պետ­ներ: