PIER GIORGIO BORBONE – ALESSANDRO ORENGO / ՓԻԷՐ ՃԻՈՐՃՈ ՊՈՐՊՈՆԷ  - ԱԼԵՍՍԱՆՏՐՈ ՕՐԷՆԿՈ 
(eng)
The Church at the Court of Arghun in Syriac and Armenian Sources 
Արղունի արքունիքի եկեղեցին ասորական եւ հայկական աղբիւրներում 

Bazmavep 2010 / 3 - 4, pp. 551-580

Ասորական եւ հայկական պատմագրութեան մէջ պահպանուած է Իրա­­նի մոն­ղոլ կառավարիչին առընչուող կրօնական եւ քաղաքական դ­րուա­գի մը հե­տե­ւեալ հետքը. այն կը վերաբերի երրորդ մոնղոլ Իլխան Արղունի (1284-1291) բա­նակատեղիի մէջ քրիստոնէական ե­կե­ղե­ցի մը օծելու մասին:

Բազմաթիւ նման տեղեկութիւններ կարելի է գտնել ասորական Մար-Յա­բա­լահայի եւ Ռա­բան Սաումայի պատմութեան մէջ, Ստե­փա­նոս Օրբէլեանի «Սի­սական նահանգի պատ­մու­թեան» 32-րդ գլուխին մէջ, ինչպէս նաեւ Սամուէլ Անեցիի «Ժամանակագրութիւն»-ը շարու­նակող՝ Ստեփանոս եպիսկոպոսի երկասիրութեան մէջ: 

Այս յօդուածով հեղինակները նախ կ՚ուզեն ապացուցել, որ երեք աղբիւրի հա­ղոր­դում­նե­րը կը վե­րա­բերին միեւնոյն իրադարձութեան, այ­նուհետեւ կը քն­նեն եկեղեցւոյ օծման թուա­կանի խնդի­րը եւ նշուած աղ­բիւրներու առկայ որոշ տարաձայնութիւնները: