PIER GIORGIO BORBONE – ALESSANDRO ORENGO / ՓԻԷՐ ՃԻՈՐՃՈ ՊՈՐՊՈՆԷ - ԱԼԵՍՍԱՆՏՐՈ ՕՐԷՆԿՈ
(eng)
The Church at the Court of Arghun in Syriac and Armenian Sources
Արղունի արքունիքի եկեղեցին ասորական եւ հայկական աղբիւրներում
Bazmavep
2010 / 3 - 4,
pp.
551-580
Ասորական եւ հայկական պատմագրութեան մէջ պահպանուած է Իրանի մոնղոլ կառավարիչին առընչուող կրօնական եւ քաղաքական դրուագի մը հետեւեալ հետքը. այն կը վերաբերի երրորդ մոնղոլ Իլխան Արղունի (1284-1291) բանակատեղիի մէջ քրիստոնէական եկեղեցի մը օծելու մասին:
Բազմաթիւ նման տեղեկութիւններ կարելի է գտնել ասորական Մար-Յաբալահայի եւ Ռաբան Սաումայի պատմութեան մէջ, Ստեփանոս Օրբէլեանի «Սիսական նահանգի պատմութեան» 32-րդ գլուխին մէջ, ինչպէս նաեւ Սամուէլ Անեցիի «Ժամանակագրութիւն»-ը շարունակող՝ Ստեփանոս եպիսկոպոսի երկասիրութեան մէջ:
Այս յօդուածով հեղինակները նախ կ՚ուզեն ապացուցել, որ երեք աղբիւրի հաղորդումները կը վերաբերին միեւնոյն իրադարձութեան, այնուհետեւ կը քննեն եկեղեցւոյ օծման թուականի խնդիրը եւ նշուած աղբիւրներու առկայ որոշ տարաձայնութիւնները: