+39 0415260104
 
Մխիթարեան Միաբանութեան գլխաւոր առաքելութիւնն է՝ Քրիստոսի Աւետարանի քարոզութիւնը «Ի հոգեւոր օգուտ եւ ի լուսաւորութիւն Ազգին մերոյ Հայկազնոյ» ըստ հիմնադրին՝ Մխիթար Աբբահօր տեսլականին։
 
Մխիթարեան Միաբանութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս կոչուած է հովուական ծառայութեան, ազգային, կրթադաստիարակչական, կրօնական, միջ-եկեղեցական, գրական եւ հրատարակչական ասպարէզներու ճամբով։
 
Այսօր եւս Վենետիկի Մայրավանքի, Վիեննայի վանատան, Մխիթարեան կեդրոններու կամ կրթական իրենց հաստատութիւններուն մէջ գործող Մխիթարեան Վարդապետները, անաղմուկ կ՚աշխատին ու կը գործեն, իսկ ուրիշներ՝  Մխիթարեան զանազան վարժարաններու մէջ, ոգեւին կը պայքարին օտարացումի դէմ, կերտելով նոր սերունդներու փափաքելի նկարագիրը, տալով իրենց շունչը նորահաս հայ պատանիներուն, վահան դառնալով անոնց՝ մարդկային, բարոյական, ազգային, իմացական հասունացումին եւ ընկերային պայքարներուն մէջ: 
 
Մխիթարեան Մայրավանքին, վանատուներուն եւ դպրեվանքերու մէջ Հայրերը հաւատարմօրէն կը կատարեն  ժամասացութեան աղօթական ժամերը եւ Սուրբ Պատարագի հանապազօրեայ մատուցումը, Կիրակի եւ տօնական օրերուն, Հայ ծէսին շքեղ փայլով, ըստ տօնական կարգին, բարձրացնելով առ Աստուած իրենց աղօթքը եւ հայցելով՝ աշխարհի խաղաղութիւն, Եկեղեցւոյ պայծառութիւն, Հայրենիքին՝ հոգեւոր, գիտական ու նիւթական զարգացում եւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն  խաղաղ, բարօր եւ երջանիկ ապագայ: