GABRIELLA ULUHOGIAN / ԳԱԲՐԻԷԼԼԱ ՈՒԼՈՀՈՃԵԱՆ 
(ita)
Lettere da casa prima e dopo la catastrofe 
Նամակներ տունէն, աղէտէն առաջ եւ ետք 

Bazmavep 2010 / 1 - 2, pp. 94-150

1913ի ա­մառն էր: ­Հայ պա­տա­նի­նե­րու փոք­րիկ խմբակ մը, Մ­խի­թա­րեան միա­բան Հ. ­Թա­դէո­սի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, Ա­նա­տո­լիա­յի սրտէն ճամ­բայ կ­՚ել­լէ: Ք­սե­նո­փո­նի բիւ­րուց նման, կ­՚ուղ­ղո­ւին դէ­պի հիւ­սիս, դէ­պի ծով: Ա­ռա­ջին նպա­տա­կա­կէ­տը՝ Տ­րա­պի­զոնն է. ան­կէ ­Կոս­տանդ­նու­պո­լիս պի­տի նա­ւար­կեն, եւ հուսկ ­Վե­նե­տիկ: ­Մեծ ար­կա­ծախնդ­րու­թիւնն սկսած է:
Ի­րենց հետ տաս­նը­վեց տա­րե­կան ­Լե­ւոնն էր, սեւ մա­զե­րու խիտ փուն­ջով, պլպլան աչ­քե­րով, յա­րա­շարժ. ­Դա­տե­մի հայ­րե­նի մեծ տու­նը թո­ղած, ­Խար­բեր­դի նա­հան­գի մէջ, ուղ­ղո­ւած էր դէ­պի ­Մու­րատ-­Ռա­փա­յէ­լեան ­Հայ ­Վար­ժա­րա­նը: Ծ­նող­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեծ եղ­բայ­րը՝ Յով­հան­նէս, այս­պէս ո­րո­շած էին. պա­տա­նին ար­թուն եւ խե­լա­ցի է, եւ հի­մա որ դպրո­ցա­կան բարձ­րա­գոյն ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը ա­ւար­տեց մօ­տա­կայ քա­ղա­քի՝ ­Մե­զի­րէի ֆրան­սա­կան ­Վար­ժա­րա­նը, լաւ է որ լի­կէո­նը ամ­բող­ջաց­նէ ­Վե­նե­տի­կի մէջ, հռչա­կա­ւոր ­Հայ ­Վար­ժա­րա­նը: Ի մի­ջի այ­լոց, Ի­տա­լիա, ճիշտ վե­նետ­կեան լճա­կին մէջ, իր­մէ մի քա­նի տա­րի մեծ եղ­բայ­րը՝ ­Յով­սէփ, ար­դէն ո­րոշ ժա­մա­նա­կէ ի վեր նո­րըն­ծայ էր, Աբ­րա­համ նոր ա­նու­նով, Ս. ­Ղա­զա­րի Մ­խի­թա­րեան վան­քին մէջ:
­Լե­ւո­նը ակն­կա­լիք­նե­րով եւ հե­տաքրք­րու­թեամբ լե­ցուն էր. նա չէր գի­տեր, խում­բէն ոչ ոք չէր գի­տեր, թէ ի՛նչ դառն դէպ­քեր ի­րենց կեան­քը պի­տի խա­ռեն, եւ ոչ իսկ կ­՚ե­րե­ւա­կա­յէր, որ բնաւ եր­բեք պի­տի չվե­րա­դառ­նայ, կրկին տես­նե­լու հա­մար ­Դա­տե­մի ոս­կեայ դաշ­տա­վայ­րը:
­Տու­նը թո­ղած էր բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք մը. հայ­րը՝ ­Գաբ­րիէլ, մայ­րը՝ ­Նար­կիս, փոք­րա­մար­մին կին, բայց շատ զօ­րեղ եւ կա­մե­ցող: ­Մեծ եղ­բայ­րը՝ ­Յով­հան­նէ­սը ու­սու­ցիչ էր, եւ ­Լե­ւո­նի մեկ­նու­մէն քիչ ետք պսա­կո­ւած էր, եւ իր կնոջ՝ ­Հե­ղի­նէի հետ, որ նոյն­պէս ու­սուց­չու­հի էր, կը դա­սա­ւան­դէր ոչ հե­ռու գտնո­ւող ­Բազ­մա­շէ­նի մէջ: Ու­րիշ ե­րեք քոյ­րեր կ­՚ամ­բող­ջաց­նէին ըն­տա­նե­կան կո­րի­զը. ա­ւա­գը՝ ­Սա­ռան, ­Պօ­ղո­սի հետ պսա­կո­ւած, աղջ­նակ մը ու­նէր, ­Մա­րիա­մը: Բ­րա­բիո­նը, լուռ՝ ան­հե­տա­ցած դէպ­քե­րու յոր­ձան­քին մէջ, եւ ­Քե­նո­վա­բէ, ­Խա­նըմ կո­չուած, այն ժա­մա­նակ տաս­ներ­կու տա­րե­կան, որ յե­տոյ իր կեան­քին մեծ մա­սը Մար­սի­լիա պի­տի ան­ցը­նէր: ­Գիւ­ղի մէջ, մօ­տիկ, ու­րիշ տու­ներ ալ կա­յին, բա­զում ազ­գա­կան­նե­րով. հօ­րեղ­բայր­ներ, քե­ռի­ներ, հօ­րա­քոյր­ներ, մօ­րա­քոյր­ներ եւ թոռ­նիկ­ներ. մինչ­դեռ, Եփ­րա­տի միւս ա­փին, ­Մա­լա­թիա­յի մէջ, ­Սի­մո­նը, ­Գաբ­րիէ­լի եղ­բայ­րը, իր կար­գին բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նի­քի գլուխ էր:
Եր­կու տա­րի չան­ցած, «մեծ չա­րի­քը» վրայ հա­սաւ ­Խար­բեր­դի նա­հան­գին եւ հա­յա­հոծ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր գիւ­ղե­րու վրայ. տար­բեր խու­զար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Յով­հան­նէ­սը, իր հայ­րը՝ ­Գաբ­րիէ­լը եւ Դա­տե­մի մնա­ցած հա­սուն տղա­մար­դիկ ոս­տի­կա­նա­տուն կան­չո­ւե­ցան ստու­գում­նե­րու հա­մար, եւ ա­նոնց մա­սին այ­լեւս ո­չինչ չի գիտ­ցո­ւիր: Կա­նայք՝ քոյ­րերն ու մայ­րը, ­Յով­հան­նէ­սի ե­րի­տա­սարդ հար­սը եւ ի­րենց նո­րա­ծին մա­նու­կը, բո­լոր բնակ­չու­թեան հետ միա­սին տե­ղա­հա­նո­ւե­ցան. ո­մանք չվե­րապ­րե­ցան, իսկ ու­րիշ­նե­րու կեան­քը ցմիշտ քայ­քա­յո­ւե­ցաւ:
Լե­ւոն պա­տա­նին ­Վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տեց եւ փայ­լուն կեր­պով բժշկու­թեան դափ­նե­կիր դար­ձաւ: Ըն­տա­նիք կազ­մեց Ի­տա­լիո­յ մէջ, ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սե­ցի հա­յու­հի ­Մա­րիա­մի հետ, եւ եր­բեք իր զա­ւակ­նե­րուն չյայտ­նեց թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ­պէս ի­մա­ցաւ իր տու­նը քան­դող փո­թո­րի­կի մա­սին. միայն պատ­մեց եր­կու վե­րապ­րած քոյ­րե­րու մա­սին, ո­րոնց դի­մա­ւո­րած էր ­Հա­լէպ, ու­ղե­ւո­րե­լու հա­մար, փախս­տա­կան­նե­րու ան­ծայ­րա­ծիր գե­տին մէջ, մե­ծին՝ ­Սա­ռա­յին, դէ­պի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, իսկ փոք­րին՝ ­Քե­նո­վա­բէ-­Խա­նը­մին, դէ­պի ­Մար­սի­լիա:
­Կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի. ­Լե­ւո­նը իր ա­ռաջ­նեկ աղջ­կան վրայ կ՚ամ­փո­փէ կոր­ծա­նած ըն­տա­նի­քին ա­մե­նա­սի­րե­լի ա­նուն­նե­րը. ­Գաբ­րիէլ­լա ­Յով­հան­նա ­Նար­կիս, ինչ­պէս իր հայ­րը, եղ­բայ­րը եւ մայ­րը, ո­րուն միշտ յա­տուկ սի­րով եւ հիա­ցու­մով կը յի­շէր:
Եր­կար տա­րի­ներ ետք, ­Վար­ժա­րա­նի եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան տա­րի­նե­րէն պա­հո­ւած, նա­մակ­նե­րու խուրձ մը, միակ հետ­քը լռու­թեամբ ապ­րո­ւած ող­բեր­գու­թեան, լոյս աշ­խարհ կու գայ: ­Յով­հան­նէ­սի հինգ նա­մակ­ներն են, գրո­ւած 1913ի ­Հոկ­տեմ­բե­րէն 1914ի Օ­գոս­տո­սը եր­կա­րող ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին, եւ եր­կու նա­մակ ալ ­Սա­ռա քոյ­րի­կէն, 1919ի ­Նո­յեմ­բե­րի եւ ­Դեկ­տեմ­բե­րի:
Պարտք զգա­ցի ո­գե­կո­չել ըն­տա­նե­կան այս պա­տու­մը, որ­պէս ձօն Հօրս յի­շա­տա­կին, ո­րու աչ­քե­րուն մէջ միշտ որ­սա­ցած եմ մեծ կա­րօ­տը՝ ծննդա­վայ­րին հան­դէպ: ­Սա­կայն նա­մակ­նե­րը կը կրեն ան­մի­ջա­կան ար­ձա­գան­գը հայ հա­սա­րա­կու­թեան կեան­քին՝ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, յոյ­սե­րուն, յոյ­զե­րուն եւ խմո­րում­նե­րուն՝ որ այդ փոք­րիկ աշ­խար­հը կը ցնցէին, ինչ­պէս եւ մեծ աշ­խար­հը՝ հե­ռա­ւոր բայց ոչ օ­տար:
Օգ­տա­գոր­ծո­ւած լե­զո­ւին հա­մար եւս, մէկ դար հե­ռա­ւո­րու­թեամբ, այս նա­մակ­նե­րը փաս­տա­թուղ­թեր են որ կ­՚ար­ժէ հրա­տա­րա­կել եւ ու­սում­նա­սի­րել տար­բեր տե­սան­կիւ­ննե­րէ: Այս պատ­ճա­ռով, ա­ւե­լի քան քսան տա­րի ա­ռաջ տե­ղա­փո­խու­թեան մը ըն­թաց­քին պա­տահ­մամբ գտնե­լով, վեր­ջա­պէս ո­րո­շե­ցի հրա­տա­րա­կել բնա­գի­րը, ըն­ծա­յե­լով ի­տա­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ: